Օրերս Զմմառու դարաւոր վանքի կամարներուն ներքոյ Թագադիր Ծ. Վրդ. Աստիճան շնորհուած է Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Միաբանութեան ժրաջան միաբաններէն ՝ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանին։
«Արեւելք» ատոր մասին իմացաւ Զմմառու Վանքի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը։
Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ`
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գահակալ ՆԱԳՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի`
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երեսուներեքերորդ Մեծաւորի Թագադրութեան փառաշուք արարողութեան ականատես դարձան` Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց կղերաց դասը, ազգայիններ, Թագադրեալին հարազատներն ու բարեկամները եւ հաւատացեաներ։
Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու մայրավանքի "Փոխման Սուրբ Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որմէ ետք Ամեն.եւ Գերերջ Հոգեւոր Տիրոջ ձեռամբ`
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Նորընտիր Մեծաւոր` Գերպծռ.Մաշտոց Ծ.Վրդ.Զահթէրեանին շնորհուեցաւ` Թագադրութեան տուչութիւն։
Այնուհետեւ Ամեն.եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի "Մուտն Ի Վիրապ"ի տօնին առթիւ` Զմմառու Մայրավանքին մէջ խնամքով պահպանուած` Հայոց Լուսաւորչին ծնկոսկրով օրհնեց համայն հաւատացեալները։
Արարողութենէն ետք`
Վանքի դահլիճին մէջ` Հոգեւոր Տէրը, Թագադրեալ Գերապայծառը եւ Վանքի նորընտիր վարչութիւնը` ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքները։