image

Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ. Նորանուանեալ եպիսկոպոս Հ. Գրիգոր Պատիշահի անդրանիկ Սուրբ Պատարագը (Լուսանկար)

Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ. Նորանուանեալ  եպիսկոպոս Հ. Գրիգոր Պատիշահի անդրանիկ Սուրբ Պատարագը (Լուսանկար)

 Կիրակի օր Զմմառու դարաւոր վանական համալիրի  կամարներուն ներքոյ  մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ պատարագ օրերս Եպիսկոպոսական անուանման արժանացած Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահին կողմէ։

Նշենք, որ  Վատիկանի հոգեւորականաց խորհուրդը համալրելով Հայ Կաթողիկէ  եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին  արդիւնքները Հայ Գրիգոր Պատիշահը  անուանուած էր Եպիսկոպոս եւ անոր տուած  Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոսի պաշտօն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

 

Նախագահութեամբ` Նորին Ամեն.եւ Գերերջ.Տ.Տ.Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի` հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, զոր մատուցեց` Նորընտիր` Պէյրութի թեմի օգնական Եպիսկոպոս` Արհ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահ իր անուանման անդրանիկ պատարագը։

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024-ի, առաւօտեան ժամը 10,30-ին,

Զմմառու Վանքի Փոխման Սուրբ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Հոծ բազմութեան ներկայութեամբ արտասանած քարոզին մէջ` Գերպծռ. Տէրը խոստացաւ, որ ճիգերու գերագոյն լարումով պիտի ծառայէ ժողովուրդին եւ իր ուսերուն ծառացած այնքան պատասխանատու բերը պիտի կրէ սիրով եւ նուիրումով` ի փառս հայ եկեղեցւոյ եւ ի ծաղկումն ազգին։

Արհ.Գերպծռ.Տէրը իր քարոզը եզրափակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան` Եպիսկոպոս ընտրուելու գործընթացին եւ խոստացաւ արդարացնել իրեն վստահուած առաքելութիւնը։

Հոգեպարար արարողութենէ ետք` Վանքի դահլիճին մէջ, Ամեն.եւ Գերերջ.հոգեւոր Տէրը, Նորընտիր Եպիսկոպոսը, Զմմառու Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպ.Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ Նորատունկեանն ու Վանքի վարչական հայրերը ընդունեցան ներկաներու շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները, որու ընթացքին քաղցրաւենիք հիւրասիրուեցաւ։