image

Ժընեւի մէջ.Նշուած է Սուրբ Ծննդեան տօնը

Ժընեւի մէջ.Նշուած է Սուրբ Ծննդեան տօնը
Ուրբաթ 6 Յունուար 2023-ին, տօնախմբուեցաւ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը եւ կատարուեցաւ Ջրօրհնէք՝ Ժնեւի Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ Նախագահութեամբ Առաջնորդական Տեղապահ՝ Հոգշ. Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանի։ 
 
Սուրբ Պատարագի ընթացքին Տեղապահ Հայրսուրբը ընթերցեց Ամենայն Հայոց՝ Վեհափառ Հայրապետին Սուրբ Ծննդեան պատգամը։ Սուրբ Պատարագին ներկայ էր Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Մեծարգոյ՝ Անդրանիկ Յովհաննիսեանը իր ընտանիքին ու դեսպապատան լրիւ աշխատակազմին հետ։ 
 
Մեծ թիւով հաւատացեալներ  մասնակցեցան Սուրբ պատարագին՝ որոնք հաղորդուեցան եւ ստացան Սուրբ միւռոնով օրհնուած ջուրէն։ 
Այս տարուան մկրտութեան խաչեղբայրը տաղանդաշատ երիտասարդ ջուտակահար ու եկեղեցասէր՝ Յարութիւն Եկորեան էր։ 
 
Դիւան Առաջնորդարանին Զուիցերիոյ
06.01.2023