image
Հրատապ լուրեր:

Ժիրայր Նալպանտեանի ՝ «Պաղեստինցի Ժիրայր»ի մահը (Լուսանկար)

Ժիրայր Նալպանտեանի ՝ «Պաղեստինցի Ժիրայր»ի մահը (Լուսանկար)

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր տարիներուն ընկ. Ժիրայր գտնուեցաւ, հոն, ուր կայ կազմակերպական գործ եւ նուիրական աշխատանք։

 Սիրուեցաւ, շնորհիւ իր բարիկամեցողութեան եւ ընկեր դարձաւ մեծին ու փոքրին։

 

 Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։ Յառաջացած տարիքին իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի մասնաւորապէս ՀՅԴ շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող Ժիրայր Նալպանտեանը (Յայտնի ՝«Պաղեստինցի Ժիրայր» անունով)։

 Մասնաւորապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործին լծուած եւ բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած ընկ. Ժիրայրը առաւելաբար յայտնի դարձաւ Պուրճ Համուտի «կամուրջի դիրք»ի պաշտպանութեան գործով։ 

 Ան երկար տարիներ վարչական աշխատանք ծաւալեց Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ դառնալով Ճեմարանի փոխադրական  բաժնի (օթօպիւսներու) վարիչ պատասխանատուն։

 Նոյն ատեն վարեց ապահովական պատասխանատու պաշտօններ եւ եղաւ մնայուն ընկերակիցներէն մին ՀՅԴ պատասխանատուներէն, Ճեմարանի  տնօրէն՝ Հրաչ Տասնապետեանին։

 Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր տարիներուն ընկ. Ժիրայր գտնուեցաւ, հոն, ուր կայ կազմակերպական գործ եւ նուիրական աշխատանք։

 Սիրուեցաւ, շնորհիւ իր բարիկամեցողութեան եւ ընկեր դարձաւ մեծին ու փոքրին։

 Մեծ սէր տածած է ՀՄԸՄ-ին հանդէպ դառնալով քաջալերող (մասնաւորապէս ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբին համակիրն էր ու սիրահարը) ու պարտաճանաչ մէկ անդամը մարզական մարմնին որ նաեւ իր զաւակները մղեց, որ նոյնպէս սիրեն ու ծառայեն ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին։

Յառաջացած տարիքին մեզմէ բաժնուած ընկ. Ժիրայրի կորուստով էջ մը եւս կը դարձուի Լիբանանի հայկական գաղութի ոսկեայ տոմարէն։

 Տոմար, որ լեցուն է նուիրական պահերով, նուիրեալներով եւ անձնուրացներով, որոնցմէ մին ալ ընկ. Ժիրար՝ «Պաղեստինցի Ժիրայր»ն էր ապահովաբար։

 Յարգանք իր վաստակին եւ խունկ ու մոմ իր յիշատակին։

 «Ա»

 

 

 Հանգուցեալը շրջապատուած իր  սիրելով «կրտեսր» ընկերներով եւ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներով։