34 Տարի առաջ այս օրերուն սպաննուեցաւ պաղեստինցի յայտնի ծաղրանկարիչ՝ Նաժի Ալ-Ալին:
Այս առթիւ Նաժի Ալ-Ալիին մասին բացառիկ յօդուածով մը հանդէս եկած է լիբանանցի լրագրող Խալէտ Ալ Ֆաքիհը, «Ալ Մանա» կայքին մէջ:
Ֆաքիհ մասնաւորապէս կը գրէ՝ «Ան յառաջատարը եղած էր կանխատեսելու այսօրուայ մեր ապրած իրադարձութիւններն ու յուսախաբութիւնները: Ան «կողմնացոյց» էր, գերազանցած էր ինքզինք եւ իրեն յաջորդող ժամանակաշրջանի արհեստագիտութիւնը իր գործածած ամէնէն պարզ գործիքներով, որոնք չէին ճանչնար միջին լուծումներ, շողոքորթութիւն կամ հանգստութիւն, որոնք նաեւ պատճառ եղան, որ զինք լռեցնեն յաւիտեան», գրած է Ալֆաքիհը:
Ըստ հեղինակին, կը կարծուի, թէ Նաժի ունի մօտաւորապէս 40 հազարի չափ գծագրութիւն, որոնց մեծ մասը սակայն լոյս չէ տեսած: Անոնք եղած են այնքան խայթող, սուր քննադատական եւ համարձակ, որ բոլոր թերթերը խուսափած են զանոնք հրապարակելէ: Ալ-Ալիի գործերը կը բնութագրուին, որպէս «դիւրիւն դժուարը», անոնք իր նկարագրին պէս, որուն մասին կը պատմեն զինք ճանչցողները, պարզ եւ հատու են:
Հեղինակը կը նշէ, թէ Նաժի Ալ-Ալիի հիմնական ուղղութիւնը եղած է Պաղեստինը: Հեղինակը ափսոսանքով կը հարցնէ, եթէ այսօր ողջ ըլլար Նաժին, ի՞նչ պիտի գծագրէր արդեօք, ի՞նչ դիրքորոշում պիտի որդեգրեր: Ան արդէն նախագուշակած էր «Պաղեստինեան ապստամբութեան» մասին, որ իր սպանութենէն քանի մը ամիս ետք բռնկեցաւ: Տարօրինակ մարգարէութեամբ մը խօսած էր Պաղեստինի ինքնավար դառնալու մասին, Պաղեստինեան ազատագրման շարժման ու բանակցութիւններուն մէջ անոր ներգրաւման մասին, արաբական նաւթի դերի մասին: Նոյնիսկ գուշակած էր, թէ մեծ դաւադրութիւն պիտի լարուի Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի դէմ:
Ծաղրանկարիչին իւրաքանչիւր գծագրութիւնը կը պահանջէ խորացում այդ սեւ ու ճերմակ գիծերուն մէջ վերլուծութեան մը յանգելու համար: Ան այն մարտիկն էր, որուն զէնքը՝ փետուրը ժանգ չէր բռներ: Իր գործերը համամարդկային են, որոնք չեն գիտեր մշակութային ու լեզուական սահմաններ:
Ալ-Ալիի առաջին գործը տեսած է պաղեստինցի նահատակ գրող՝ Ղասսան Քանաֆանին, ու հրապարակած զայն: Նկարը կը պատկերացնէր վրանի մը գագաթէն դուրս ելած ձեռք մը՝ յեղափոխութեան ու ապստամբութեան ձեռքը, ազատագրումի վճռականութեամբ:
«Երբ կը խօսին կարմիր գիծերու մասին կը զայրանամ, ես միայն մէկ կարմիր գիծ գիտեմ, այն է, որ ամէնէն մեծ գլուխն իսկ իրաւունք չունի ստորագրելու անձնատրութեան պայմանգիր կամ զիջում Իսրայէլին», ըսած է Նաժի Ալ-Ալին: Ան կը պայքարէր փտածութեան դէմ եւ կողմնակից էր բոլոր անոնց, որոնք հակառակ բանտարկութեան ու ճնշումներու, հակառակ տառապանքի ու նեղութիւններու «տակաւին հայրենիքի գիրքը կը կարդային ճամբարներու վրաններուն տակ»:
«Ի զուր տեղ սպանեցին Նաժիին», կը գրէ յօդուածագիրը, նշելով, որ անոր ստեղծած «Հանզալա» կերպարը դեռ կ'ոգեկոչուի ամէն առիթներու: Ալ-Ալի ստեղծած էր «Հանզալա»ն՝ փոքրիկ այն կերպարը, որ իր կռնակը դարձուցած է աշխարհին ու ձեռքերը ետեւը խաչաձեւած: Այս կերպարը դարձած էր ծաղրանկարիչին ստորագրութիւնը, ստորագրութիւն մը, որ իր նման յատուկ էր: Կերպարը պաղեստինցիներուն կողմէ սիրուեցաւ ու գնահատուեցաւ եւ եղաւ խորհրդանիշը տառապող, սակայն չընկրկող պաղեստինցիին, իսկ գծագրիչին համար, «Հանզալա»ն այն զաւակն էր, որ հաւատարիմ մնալով Պաղեստինին, ուժ ու կորով կու տար իրեն: Ըստ արուեստագէտին՝ Հանզալան նաեւ արդիւնքն էր արաբական համակարգերու թուլութեան ու պարտութեան:
Ըստ յօդուածագրին Նաժի Ալ-Ալիի նահատակութիւնէն 34 տարի ետք, «Հանզալլա»ն կը շարունակէ մնալ ապրող եւ ապրեցնող ու տակաւին շունչ տուող , բոլոր անոնց որոնք աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ կը շարունակեն պայքարիլ անարդարութեան դէմ։
«Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝ Թ.Գ.