image

Միացեալ Նահանգներ-Իրան ռազմավարական ճատրակի խաղ, թէ մեծ պատերազմ…

Միացեալ Նահանգներ-Իրան ռազմավարական ճատրակի խաղ, թէ մեծ պատերազմ…

Ամերիկայի առաջնորդը «դժուար» որոշման մը դէմ հանդիման 

Արդեօք Միացեալ Նահանգները ի վերջոյ պիտի հարուածէ՞ Իրանը։ Եթէ այո՛ ապա ինչո՞ւ այսփուլին։ Արդեօք որոշումը կը բխի միմիայն տարածաշրջանային զարգացումներէ՞ն, թէ՞ նաեւ ներքին քաղաքական հաշիւներ կը խառնուին հաւասարումին մէջ։ Կարելի՞ է ենթադրել, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նման քայլով կը փորձէ «ցրել» իր վարչակազմին շուրջ կուտակուած ներքին լարուածութիւնները, քաղաքական քննադատութիւններն ու ընտրական ճնշումները։ Թէ՞ ընդհակառակը՝ արտաքին ճակատի վրայ ուժի ցուցադրութիւնը կը դիտուի իբրեւ կանխարգելիչ քայլ՝ վերահաստատելու ամերիկեան գերակայութիւնը եւ զսպելու Իրանի տարածաշրջանային ազդեցութիւնը։

Ի՞նչ պիտի շահի Ուաշինկթըն «սպասուած» հարուածներէն։ Արդեօք սահմանափակ, բայց ուժգին օդային գործողութիւն մը կրնա՞յ փոխել Թեհրանի ռազմավարական հաշիւները եւ զայն մղել բանակցային սեղան վերադառնալու՝ աւելի թոյլ դիրքերով։ Թէ՞ նման քայլ մը ընդհակառակը կը կարծրացնէ Իրանի դիրքորոշումը եւ կը խթանէ ազգային համախմբումը իշխանութեան շուրջ։ Միացեալ Նահանգները կը ձգտի՞ միայն զսպումի քաղաքականութեան, թէ՞ երկարատեւ ճնշման նոր փուլի մը սկիզբը պիտի դրուի։

Եւ աւելի կարեւորը՝ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Իրանի հակազդեցութիւնը։ Արդեօք Թեհրան պիտի բաւարարուի՞ ուղղակի հրթիռային կամ անօդաչու հարուածներով Իսրայէլի քաղաքներուն ուղղութեամբ, ինչպէս լարուած պահերու ընթացքին նախապէս եղած է, թէ՞ պիտի ընտրուի բազմաճակատ պատասխան մը՝ դաշնակից ուժերու միջոցով Լիբանանի, Սուրիոյ կամ Իրաքի ճակատներուն վրայ։ Հորմուզի նեղուցի անվտանգութիւնը պիտի դառնա՞յ ճնշման նոր լծակ։ Նաւթային շուկաները եւ համաշխարհային տնտեսութիւնը պիտի ցնցուի՞ն։

Արդեօք այս բոլորը պիտի «խառնեն» ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը, որ առանց այդ ալ արդէն փխրուն եւ անհանգիստ վիճակի մէջ է։ Թէ՞ կողմերը պիտի փորձեն պահել բախումը վերահսկելի սահմաններու մէջ՝ խուսափելով լայնածաւալ պատերազմէ։ Սահմանափակ հարուած մը կարելի՞ է «սահմանափակուած» պահել, երբ տարածաշրջանը փոխկապակցուած ուժային ցանցերու վրայ կը գործէ։

Այս հարցադրումները կը բանան հիմնական երկընտրանքը՝ արդեօք ներկայ զարգացումները կը միտի՞ն դէպի կարճատեւ, ցուցադրական բախում մը, թէ՞ կը սահին դէպի աւելի լայն ու անկանխատեսելի դիմակայութիւն։ Պատասխանը կախեալ է ոչ միայն Ուաշինկթընի որոշումներէն, այլ նաեւ Թեհրանի ռազմավարական համբերութենէն եւ ամբողջ շրջանի նուրբ ուժային հաւասարակշռութենէններ Վերջին տուեալները կը խօսին հարուածի «անխուսափելիութեան» մը մասին 

The New York Times-ը, ամերիկացի պաշտօնատարներու յղում ընելով կը հաղորդէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու արագացած զինուորական կուտակումը հասած է այն փուլին, ուր նախագահ Տանըլտ Թրամփ կանգնած է կարճ միջոցի մը ընթացքին Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն ձեռնարկելու ընտրանքի «անխուսափելիութեան» առջեւ։

Թերթը կը յաւելէ, որ իսրայէլեան ուժերը սաստկացուցած են իրենց պատրաստութիւնները՝ Թեհրանի հետ զինուորական բախումի մը հաւանականութեան լոյսին տակ, մինչ տարածաշրջանային լարուածութիւնը կը բարձրանայ։

Այս ծիրին մէջ նշուած է, որ «Ճերալտ Ֆորտ» օդանաւակիր ռազմանաւը եւ անոր ուղեկցող երեք կործանիչներ կրնան շաբաթավերջին կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը հասնիլ Միջերկրական ծով։ Ըստ տեղեկութիւններուն՝ նախնական փուլին անոնք պիտի տեղակայուին իսրայէլեան ափերուն մօտ՝ Թէլ Աւիւի եւ իսրայէլեան այլ քաղաքներու պաշտպանութիւնը ամրապնդելու նպատակով։

Թերթը նաեւ կը մէջբերէ պաշտօնատարներու, ըստ որոնց Իսրայէլի մէջ կը կատարուին նախապատրաստութիւններ՝ Միացեալ Նահանգներու հետ համատեղ հարուած մը Իրանի դէմ իրականացնելու հաւանականութեան համար, թէեւ վերջնական որոշում տակաւին չէ առնուած։ Կը խօսուի նաեւ քանի մը օր տեւելիք «ուժգին հարուած»ի հաւանական ծրագիրներու մասին՝ Իրանը մղելու բանակցութիւններու սեղանին՝ զիջումներու համար։

Միւս կողմէ, CBS News-ը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու համաձայն՝ Իրանի դէմ ամերիկեան հնարաւոր հարուած մը կրնայ սկսիլ շաբաթ օր (այսօր), տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան եւ զինուորական զարգացումներու սաստկացումով։

Սակայն նոյն աղբիւրները կը նշեն, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացուցած Իրանի դէմ յարձակում իրականացնելու մասին, եւ զինուորական ընտրանքները կը շարունակեն քննարկուիլ ամերիկեան վարչակազմին մէջ։

 

Վերլուծութիւն մը 

Վերոյիշեալ տեղեկութիւնները, որոնք կը վերագրուին The New York Times-ին եւ CBS News-ին, կը մատնանշեն ոչ միայն զինուորական շարժեր, այլեւ քաղաքական ճնշման մտածուած ռազմավարութիւն մը։ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական արագ կուտակումը, օդանաւակիրներու եւ ռազմածովային ուժերու տեղաշարժը, նախագահ Տանըլտ Թրամփի առջեւ կը դնեն իրական ընտրանք մը՝ ռազմական գործողութեան դիմելու կամ այդ սպառնալիքը իբրեւ բանակցային լծակ օգտագործելու միջեւ։ Այս փուլին աւելի հաւանական կը թուի, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ ուժի ցուցադրութեամբ ճնշում բանեցնել Թեհրանի վրայ՝ զայն մղելով զիջումներու, քան անմիջապէս լայնածաւալ պատերազմ սկսելու։

Միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլի պատրաստութիւններու սաստկացումը կը ցոյց տայ, որ խնդիրը միայն երկկողմանի չէ։ Եթէ համատեղ հարուածի սենարը իրականանայ, ապա բախումը կրնայ արագօրէն ընդարձակուիլ եւ ներքաշել այլ դերակատարներ, ինչ որ ամբողջ տարածաշրջանը կը դնէ անկայունութեան նոր փուլի մը առջեւ։ Իրան, իր կարգին, կրնայ պատասխանել ոչ միայն ուղղակի, այլ նաեւ անուղղակի միջոցներով, օգտագործելով դաշնակից ուժեր եւ ճնշման այլ կէտեր, ինչ որ վտանգաւոր շղթայական հետեւանքներու կը տանի։Այս ամբողջ պատկերը կը յուշէ, որ ներկայ զարգացումները աւելի շատ ուժի լեզուով հաղորդագրութիւններ են, քան վերջնական որոշումներ։ Սակայն երբ զինուորական ուժերը արդէն մօտեցած են գործողութեան գիծին եւ հռետորաբանութիւնը կը սաստկանայ, սխալ հաշուարկի մը հաւանականութիւնը կը մեծնայ։ Այդ պարագային դիւանագիտական պատուհանը կրնայ արագօրէն փակուիլ, եւ ճնշման քաղաքականութիւնը անսպասելիօրէն վերածուիլ իրական բախման։

 

Ամերիկեան ուժերու ընդհանուր համապատկերը Մերձ. Արեւելքի մէջ. պատկերը լուրջ է, բայց ոչ աննախադէպ…

Մերձաւոր Արեւելքը կը տատանուի հաւանական համաձայնութեան եւ մօտալուտ հարուածի միջեւ, այն բանէն ետք, երբ նախագահ Տանըլտ Թրամբ տեղեկացուած է ամերիկեան ուժերու պատրաստուածութեան մասին։ Ըստ հաղորդումներու, շարժումը կրնայ սկսիլ շաբաթ օրուան շուրջ, թէեւ վերջնական որոշում տակաւին չէ առնուած, իսկ Սպիտակ տան «ներսի քննարկումներ»ը կը շարունակուին՝ քաղաքական ու ռազմական հետեւանքներու մանրակրկիտ գնահատումով։

 Իր կարգին The Wall Street Journal կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգները շարունակած է ժամանակակից կործանիչներ՝ F-35 եւ F-22, տեղափոխել տարածաշրջան։ Միւս կողմէ, նոր օդանաւակիր մը՝ հարուածային եւ ելեկտրոնային պատերազմի օդանաւերով, ճանապարհին է դէպի շրջան։ Օդային հրամանատարութեան եւ վերահսկման օդանաւեր եւս կը տեղակայուին, ինչպէս նաեւ վերջին շաբաթներուն տարածուած են հակաօդային պաշտպանութեան լրացուցիչ համակարգեր։

Այս կուտակումը Միացեալ Նահանգներուն կու տայ շաբաթներ տեւող շարունակական օդային պատերազմի տարբերակ՝ Իրանի դէմ, եւ ոչ թէ միայն մէկանգամեայ սահմանափակ հարուածի, ինչպէս եղած էր 1991-ի «Անապատի Փոթորիկ» գործողութեան կամ 2003-ին Իրաք ներխուժման նախօրեակին։

Վերջին օրերուն ամերիկեան օդուժը տասնեակ կործանիչներ ու օժանդակ օդանաւեր փոխադրած է Յորդանանի Մուաֆֆաք ալ-Սալթի եւ Սէուտական Արաբիայի «Արքայազն Սուլթան» ռազմակայաններ։ Անոնց շարքին են F-35, F-15, F-16 կործանիչներ, E-3 նախազգուշացման եւ վերահսկման օդանաւեր, E-11 հաղորդակցութեան հարթակներ, ինչպէս նաեւ KC-135 եւ KC-46 վառելիք մատակարարող օդանաւեր։

Ծովային ճակատին, Միացեալ Նահանգները ներկայիս ունի 13 ռազմանաւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, ներառեալ USS Abraham Lincoln օդանաւակիրը եւ ինը հրթիռահակազդիչ կործանիչներ։ Բացի այդ, USS Gerald R. Ford եւ անոր մարտական խումբը եւս դէպի շրջան կը շարժին։

Այնուամենայնիւ, ներկայ կուտակումը զգալիօրէն աւելի սահմանափակ է նախորդ լայնածաւալ պատերազմներուն համեմատ։ 1991-ի «Անապատի Փոթորիկ» գործողութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգները տեղակայած էր վեց օդանաւակիր եւ շուրջ 1300 օդանաւ։ 2003-ի Իրաքի պատերազմի ժամանակ միայն ամերիկեան օդուժը տարածաշրջանին մէջ ունէր 863 օդանաւ։

Այսօր պայմանները տարբեր են․ ամերիկեան օդուժը աւելի փոքր է, ցամաքային լայնածաւալ ուժեր չկան, եւ միջազգային մեծ դաշինք մը չէ ձեւաւորուած։ Բաց աստի , Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄԷ-ն իրենց օդային տարածքը դուրս դրած են հնարաւոր ամերիկեան հարուածներու օգտագործումէն, իսկ ամերիկեան կործանիչներու զգալի մասը կը կեդրոնանայ Յորդանանի մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, ռազմական արհեսավարժութիւնը զգալիօրէն զարգացած է․ ճշգրիտ հարուածներու կարողութիւն, գաղտնաթռիչքային համակարգեր եւ հեռահար ռմբակոծիչներ կը թոյլատրեն գործողութիւններ իրականացնել նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն կամ Հնդկական ովկիանոսի մէջ գտնուող ռազմակայաններէն։

Ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ թէեւ ներկայ կուտակումը պատմական չափերով ամենամեծերէն մէկն է 2003-էն ի վեր, սակայն ան տակաւին չի հասնիր 1991 եւ 2003 թուականներու ամբողջական պատերազմի ծաւալին։

Վերոյիշեալ ամբողջ պատկերը, երբ համադրենք ռազմական տեղաշարժերը, դիւանագիտական լռութիւնը եւ հրապարակային արտահոսքերը՝ ինչպիսիք են The New York Times-ի, CBS News-ի եւ The Wall Street Journal-ի հրապարակումները, ապա կը ստեղծուի բարդ եւ բազմաշերտ իրավիճակ մը, ուր պատերազմը եւ բանակցութիւնը իրարու զուգահեռ կը քալեն։ ԱՄՆ նախագահին առջեւ դրուած «ընտրանքը» իրականութեան մէջ միայն ռազմական որոշում չէ, այլ նաեւ քաղաքական ժամանակացոյցի հարց է․ ե՞րբ եւ ի՞նչ չափով օգտագործել ուժի սպառնալիքը՝ առանց ամբողջ տարածաշրջանը անկառավարելի հրդեհի վերածելու։

Միացեալ Նահանգները առայժմ չի պատրաստուիր դասական, լայնածաւալ ներխուժման, այլ աւելի կը կառուցէ ճկուն հարթակ մը՝ սահմանափակ, բայց շարունակական օդային գործողութիւններու համար։ Ներկայ ռազմավարութիւնը կը յիշեցնէ «կարգաւորուած ճնշում»ի ձեւաչափ մը, ուր ուժը կը գործածուի որպէս քաղաքական հաղորդագրութիւն՝ նպատակ ունենալով բանակցային սեղանին վրայ աւելի նպաստաւոր պայմաններ կորզել։

Սակայն խնդիրը այն է, որ Իրանը սովորական հակառակորդ մը չէ։ Ան ունի ոչ միայն պետական զինուորական ներուժ, այլ նաեւ տարածաշրջանային դաշնակից ցանց մը, որ կրնայ գործել տարբեր ճակատներու վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ նոյնիսկ «սահմանափակ» հարուած մը կրնայ ծնիլ բազմակէտ պատասխաններ, որոնք կը ներքաշեն Լիբանանը, Սուրիան, Իրաքը կամ ծովային ուղիները։ Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան հարցը, նաւթային շուկաներու ցնցումները եւ համաշխարհային տնտեսական հետեւանքները այս հաւասարման անբաժան մասն են։

Միւս կարեւոր գործօնը միջազգային միջավայրն է։ 1991-ին եւ 2003-ին գոյութիւն ունէր լայն դաշինք կամ առնուազն համաշխարհային քաղաքական մթնոլորտ, որ կը հանդուրժէր լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ։ Այսօր այդպիսի համախմբում մը երեւելի չէ։ Տարածաշրջանային դերակատարներու վերապահ դիրքորոշումները եւ մեծ պետութիւններու միջեւ մրցակցութիւնը կը սահմանափակեն գործողութիւններու քաղաքական օրինականութիւնը։Ասիկա կը նշանակէ, որ ամերիկեան որեւէ քայլ պիտի կրէ ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ դիւանագիտական եւ տնտեսական ծանր հետեւանքներ։

Արդիւնքը այն է, որ Մերձաւոր Արեւելքը կը գտնուի նուրբ շեմի մը վրայ։ Ուաշինկթըն կը փորձէ ուժի ցուցադրութեամբ կանխել աւելի մեծ բախումը, բայց ուժի կուտակումը ինքնին կրնայ արագացնել այդ բախումը, եթէ կողմերէն մէկը սխալ կարդայ դիմացինին մտադրութիւնը։ Ներկայ փուլը աւելի շատ ռազմավարական ճատրակի խաղ մըն է, քան բաց պատերազմ, սակայն ճատրակին մէջ անգամ մէկ սխալ քայլը կրնայ ամբողջ տախտակը «տապալել»։

Այսպիսով, եզրակացութիւնը երկակի է․ մէկ կողմէ՝ ներկայ կուտակումը կը թուի նախատեսուած սահմանափակ եւ վերահսկելի սենարի մը համար, ոչ թէ ամբողջական ներխուժման։ Միւս կողմէ՝ տարածաշրջանի փոխկապակցուած բնոյթը եւ Իրանի պատասխանատուութեան բազմաշերտ ձեւերը կը մեծցնեն անկանխատեսելիութեան աստիճանը։ Հետեւաբար առաջիկայ օրերը վճռորոշ պիտի ըլլան ոչ միայն ռազմական, այլեւ դիւանագիտական իմաստով։ Եթե ուժի ցուցադրութիւնը վերածուի բանակցային նոր պատուհանի, լարուածութիւնը կրնայ մեղմանալ։ Իսկ եթէ հաղորդագրութիւնները սխալ մեկնաբանուին, ապա պատմութիւնը կրնայ թեւակոխել նոր, աւելի վտանգաւոր փուլ մը։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...