image

Զգուշացում Ռուսաստանին

Զգուշացում Ռուսաստանին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը կրկին զգուշացուցած են Ռուսաստանը, որ Եւրոմիութիւնը ԱՄՆ-ի ու Բրիտանիոյ հետ խիստ պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ Ռուսաստանի դէմ, եթէ ռուսական զօրքերը ներխուժեն Ուքրանիա։

«Բոլորիս համար շատ կարեւոր է, որ Եւրոպայի մէջ սահմաններ չփոխուին, անվտանգութիւնը պէտք է բոլորին համար ըլլայ, եւ անոր կարելի է հասնիլ յարգելով Եւրոպայի մէջ համընդհանուր անվտանգութեան սկզբունքները», ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը։

Ուքրանիոյ հարցով Ռուսաստանի հետ «Նորմանտական քառեակի» ձեւաչափով բանակցութիւններու մասին Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը ըսած է․«Մենք կարեւոր քննարկում ունեցանք նախագահ Զելենսքիի հետ եւ շատ յստակ հաստատած ենք մեր յանձնառութիւնը նորմանտական ձեւաչափին եւ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւնները վերականգնելու պատրաստակամութիւնը։ Այս մասին քանի մը օր առաջ խօսած եմ նախագահ Փութինի հետ»:

«Նորմանտական քառեակ»ին մէջ ընդգրկուած են Ուքրանիան, Ռուսաստանը, Գերմանիան ու Ֆրանսան։