image

«Զելենսքին մեր օրերու Չըրչըլն է». Ճօ Պայտըն

«Զելենսքին մեր օրերու Չըրչըլն է». Ճօ  Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու 43-րդ նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերը Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ զրուցելէ յետոյ զայն անուանած է «մեր ժամանակներու Ուինսթըն Չըրչըլը»:

Ան ընդգծած է, որ ամերիկացիները ոգեշնչուած են Ուքրանիոյ տոկունութեամբ ու հաստատակամութեամբ` դիմակայելու Ռուսաստանի յարձակումը: Այս մասին Ճորճ Պուշ կրտսերը գրած է Ինսթակրամով` կիսուելով Զելենսքիի հետ տեսաժողովէն լուսանկարով:

«Ինծի համար պատիւ էր այսօր առաւօտեան մի քանի վայրկեան զրուցել նախագահ Զելենսքիի` մեր ժամանակներու Ուինսթըն Չըրչըլի հետ: Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի նախագահին իր առաջնորդութեան, օրինակի եւ ազատութեան նուիրուածութեան համար եւ յարգանքի տուրք մատուցեցի ուքրանացի ժողովուրդի քաջութեան: Նախագահ Զելենսքին ինծի վստահեցուց, որ իրենք պիտի չընկրկին Փութինի բարբարոսութեան եւ աւազակապետութեան դէմ պայքարին մէջ: Ամերիկացիները ոգեշնչուած են անոնց տոկունութեամբ եւ հաստատակամութեամբ: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ուքրանացիներուն, քանի որ անոնք կը պայքարին իրենց ազատութեան համար», ընդգծած է ԱՄՆ 43-րդ նախագահը: