ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հեռախօսազրոյց ունեցած է ուքրանացի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ:
Զելենսքիի հետ 76 վայրկեան տեւած զրոյցէն յետոյ Պայտընը եւս 40 վայրկեաննոց հեռախոսազրոյց ունեցած է ՆԱԹՕ-ի՝ Արեւելեան Եւրոպայի անդամ երկիրներէ 9-ի ղեկավարներուն հետ:
Պայտընի վարչակազմի ներկայացուցիչ բարձրաստիճան պաշտօնեան հերքած է տեղեկութիւնը, որ Պայտընը Զելենսքիին յորդորած է զիջումներու երթալ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ՝ ներխուժումէն խուսափելու համար:
Յիշեցնենք, որ Զելենսքիի հետ զրոյցի նախօրէին Պայտըն առցանց հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: