image

Զարմանազան 2025. Դիմումներու ընդունելութիւնը սկսած է

Զարմանազան 2025. Դիմումներու ընդունելութիւնը սկսած է

Դիմումներու ընդունելութիւնը սկսած է։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ 9-րդ «Զարմանազան» ամառնային արեւմտահայերէն ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» շրջանին մէջ՝ Յուլիս 11-էն մինչեւ Օգոստոս 6, 2025։

Ծրագիրը կը հիմնուի երեք սիւներու վրայ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու՝

  •   10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը։
  •   18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը։

Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ի շարս որոնց՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, փիլիսոփայութեան, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։

Մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ, բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներունընթացքին յարաբերելու եւ հաղորդակցելու լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը։ Երիտասարդներու խումբին մասնակիցները պէտք է առնուազն միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։

Այս երկու ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։ Երրորդ սիւնն է՝

  •   Համալսարանական ծրագիր մը՝ ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն։

Այս մէկը Սփիւռքեան խտացեալ ծրագիր մըն է, որուն աւարտին Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկը (Ինալքօ) կու տայ վկայագիր մը։ Ծրագիրը կ՚առաջարկէ թէ՛տեսական դասաւանդութիւն, թէ՛ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ, որոնց կ՚ուղեկցինմասնագէտ դասատուներ։ Ծրագիրը առաւելագոյնը 15 ուսուցիչ կրնայ ընդունիլ։

Զարմանազանը այն վայրն է, ուր ծրագիրի մը շուրջ կը հաւաքուին Սփիւռքի երեխաներ, երիտասարդներ, ուսուցիչներ եւ ուղեկիցներ։

Դիմումները կ՚ընդունուին մինչեւ 21 Փետրուար 2025, Կրինիչի միջին ժամով 23։00։ Դիմումները սկսած են։

Ձեր դիմումը կրնաք կատարել այցելելով կայքէջը՝ 

www.zarmanazan.com

«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Լիոնի Հազար ու Մէկ Աշխարհ ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։

«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Կրթական Նախարարութեան կողմէ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս էջը: