Կարս-Իգտիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղին, որ կը կապէ Թուրքիան Նախիջեւանի սահմանի հետ եւ ընդհանրապէս Զանգեզուրի միջանցքը 30 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ կը բերէ 147,6 միլիառ լիրա (3,6 միլիառ տոլար՝ ներկայ փոխարժէքով) շահոյթ, լրագրողներու հետ հարցազրոյցին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն։ Այս մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:
«Ատրպէյճանի հետ սահման տանող երկաթուղային զարկերակը պիտի դառնայ կարեւոր օղակ Զանգեզուրի միջանցքին մէջ, որ յատկապէս կարեւոր է ամբողջ տարածաշրջանի համար», - ընդգծած է ան:
Նախարարի խօսքով՝ Միջին միջանցքը զգալիօրէն կը կրճատէ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ ապրանքներու առաքման ժամանակը, ինչ որ երկաթուղային փոխադրամիջոցը կը դարձնէ աւելի պահանջուած, քան ծովայինը։ «Արեւելեան Անատոլիոյ մէջ 224 քիլոմեթրնոց երկաթուղիի կառուցման ծախսերը բազմապատիկ կ'արդարացուին», - աւելցուցած է Ուրալօղլուն։
Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան ղեկավարը Կարս-Իգտիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղին անուանած է «ռազմավարական ներդրում»։ «Զանգեզուրի միջանցքը թրքական պետութիւններ եւ Հարաւարեւելեան եւ Արեւելեան Ասիոյ երկիրներ տանող ամենակարճ ճանապարհն է։ Այս երթուղով տարեկան պիտի տեղափոխուի մօտ 15 միլիոն թոն բեռ», - նշած է նախարարը։
30 տարուան ընթացքին կանխատեսուող շահագործման եկամուտը պիտի կազմէ 135 միլիառ լիրա, վթարներէն խնայողութիւնները՝ 3 միլիառ, կլիմայական օգուտները՝ 2.1 միլիառ, ժամանակի խնայողութիւնները՝ 3.5 միլիառ, իսկ ճանապարհներու պահպանման խնայողութիւնները՝ 4 միլիառ լիրա։ Ընդհանուր առմամբ, 30 տարուան ընթացքին եկամուտը պիտի հասնի 147.6 միլիառ լիրայի։