Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքը բաւական խստաոճ յայտարարութեամբ հանդէս եկած եւ պախարակած է այն հասցէատէրը, որ 5 ապրիլին վիրաւորանքներ արձակած էր հայութեան հասցէին։
Խօսքը Պոլու շրջանի քաղաքապետ (նախկին CHP-ական) Թանճու Էօզճանի մասին է, որ գրառում մը կատարած եւ Օճալանի մահը ցանկալով զինք համարած է հայու մը զաւակը։
Ան մասնաւորապէս գրած է. «Օճալան, երանի քու հայ հայրդը երկու վայրկեան շուտ հրկիզուէր, որ դուն աշխարհ չգայիր։ Կը մաղթեմ, որ այս քու վերջին տարեդարձդ ըլլայ»։
Ատելավառ խօսքերը, խտրականութեան վրայ հիմնուած մօտեցումները նորութիւն չեն Թուրքիոյ մէջ։ Հայութիւնը յաճախ կը թիրախուի, այդ ալ նորութիւն չէ, սակայն կարեւոր է այն, որ այս բոլորին հատու պատասխան մը տուած է Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքը, որուն խօսքը՝ թրքերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնեմ ստորեւ (Նշեմ, որ Պատրիարքի խօսքը հրապարակուած է Պատրիարքարանի դիմատետրեան էջով եւ թրքերէնով).
📌📌📌«Այս հողերուն վրայ ապրող դարաւոր հայկական համայնքը այս երկրի արմատական եւ անբաժանելի մասն է: Այս հնագոյն ժողովուրդը, պատմութեան ընթացքին մեծ ներդրում ունեցած է այս հողերուն մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ, եւ այսօր ալ նոյն վճռականութեամբ կը շարունակէ իր գոյութիւնը:
Վերջերս հասարակութեան ուշադրութեան արժանացած՝ Պոլուի քաղաքապետ Թանճու Էօզճանին կողմէ հայկական ինքնութիւնը թիրախաւորող ատելութեան խօսքերը, մեր հասարակաց անցեալն ու միասին ապրելու կամքը կը թիրախաւորեն: Այսպիսի խօսքերը ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր եղբայրութեան, միութեան եւ ընկերային խաղաղութեան ծառայած են։
Այս առիթով իշխանութիւնները եւ հանրութիւնը կը հրաւիրենք աւելի պատասխանատու լեզուով մը խօսելու։ Մենք խստօրէն կը դատապարտենք հայ ազգութեան կամ հասարակութեան միւս բոլոր տարրերուն դէմ եղած իւրաքանչիւր խտրական եւ կամ նախատական արտայայտութիւն։ Մեր երկրի հասարակութեանց հիմքը հաւասարութիւնն է, փոխադարձ յարգանքը եւ ընդհանուր արժէքներու շուրջ միաւորումը։ Իւրաքանչիւր փորձ, որ կը վնասէ այս սկզբունքներուն, վնաս կը հասցնէ, ոչ միայն փոքրամասնութիւններուն այլ ողջ հասարակութեանը»:
Սահակ Բ.
Պատրիարք Պոլսոյ Հայոց