image
Հրատապ լուրեր:

Յոյսով ենք՝ Հայաստանը կը կատարէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ պարտաւորութիւնները. Հաճիեւ

Յոյսով ենք՝ Հայաստանը կը կատարէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ պարտաւորութիւնները. Հաճիեւ

Ատրպէյճանը յոյս ունի, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ը կը բացուի. այս մասին գերմանական ZDF հրատարակութեան ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:

«Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»ին, մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանը կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները։ 2020 թուականի եռակողմ համաձայնագրով Հայաստանը համաձայնած է ատրպէյճանցիներուն Ատրպէյճանէն Նախիջեւան անխոչընդոտ մուտք ապահովել։ Բայց մինչ օրս Հայաստանը չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները», -ըսած է Հաճիեւը:

Լրագրողը նաեւ հետաքրքրուած է՝ արդեօք Ատրպէյճանը կը քննարկէ Հայաստանին ռազմական հարուած հասցնելու տարբերակը:

«Ոչ: Մեզի համար որեւէ ռազմական գործողութիւն աւարտած է, քանի որ Ատրպէյճանը վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ատրպէյճանը գործած է միայն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին: Ատրպէյճանը կը գործէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն. 51-րդ յօդուածը կը նախատեսէ ինքնապաշտպանութեան եւ ատով իսկ Ատրպէյճանի տարածքի վերականգնման իրաւունքը։ Պէտք չէ ըլլան երկակի չափանիշեր եւ ընտրովի վերաբերմունք տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ», -ըսած է Հաճիեւ: