11 Սեպտեմբերին Ռումանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածեց Արցախի Հանրապետութեան մէջ նախագահական ընտրութիւններու վերաբերեալ, ուր կ'ըսուի․ «Ռումանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը չի ճանչնար այսպէս կոչուած «նախագահական ընտրութիւններ» Ղարաբաղի շրջանի մէջ։ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կը վերահաստատէ իր լիակատար աջակցութիւնը Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ եւ հանդէս կու գայ տարածաշրջանի մէջ բոլոր խնդիրներու քաղաքական կարգաւորման օգտին՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան»։
Ռումանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան արձագանգեց ու դատապարտեց Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ․ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան՝ պաշտօնական գրութիւն յղելով Ռումանիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Լումինիցա Օտոպեսքուին, ուր կ'ըսուի․ «Յարգելի տիկին նախարար, մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք Ռումանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ (Արցախ) տիրող իրավիճակի վերաբերեալ եւ որպէս Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ կը ցանկանք խոր վրդովմունք եւ հիասթափութիւն յայտնել վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ արտայայտուած դիրքորոշման վերաբերեալ, որով Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը չի ճանչնար Արցախի հայ ժողովուրդի ինքնորոշման եւ օրինական ու սահմանադրական կարգով նախագահական ընտրութիւններու կազմակերպման իրաւունքը։
Որպէս Ռումանիոյ հայոց առաջնորդ մենք խորապէս կապուած ենք այնպիսի համամարդկային արժէքներու, ինչպիսիք են արդարութիւնը, խաղաղութիւնը եւ յարգանքը բոլոր համայնքներու ու ժողովուրդներու համար։ Մենք կ'ակնկալէինք, որ Ռումանիան օրինակ կը հանդիսանայ այս հարցով եւ կ'աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաշտութեան ու խաղաղութեան ջանքերուն։
Միանգամայն ցաւալի եւ անընդունելի է, որ Ռումանիան, որ ունի հարուստ պատմութիւն եւ մշակութային ու ցեղային բազմազանութիւնը յարգելու մեծ փորձ, տեսնելով այն վայրագութիւնները, որոնց կ'ենթարկուին հայ քրիստոնեայ բնակչութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատպէյճանի բռնապետական վարչակարգի կողմէ ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանական գործողութիւններու միջոցով, նման հաղորդագրութիւններու միջոցով կը նպաստէ լարուածութեան սրման։
Մենք չենք կրնար չնկատել, որ այս հաղորդագրութիւնը հակառակ է ժողովրդավարական այն արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, որոնցով Ռումանիան կը նշէ, թէ կ'առաջնորդուի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները ճանչնալէն հրաժարիլը տեղւոյն վրայ իրականութեան եւ այս տարածաշրջանի հայ բնակչութեան տառապանքներու նկատմամբ անտեղեակութեան լուրջ դրսեւորում է։
Լիայոյս ենք, որ Ռումանիոյ կառավարութիւնը վերանայի այս դիրքորոշումը եւ աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն՝ համաձայն մարդու իրաւունքներու եւ հայ ժողովուրդի օրինական ձգտումներուն։
Յոյս ունինք, որ Ռումանիան վերանայի այս տեսակէտը եւ հետագային աւելի հաւասարակշռուած դիրքորոշում ընդունի, իսկ մինչ այդ կը խնդրենք ընդունիք մեր անկեղծ հիասթափութիւնն ու մտահոգութիւնը Ռումանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան ներկայ դիրքորոշման վերաբերեալ»։
Ռումանիոյ հայոց թեմի մամլոյ դիւան