Զահլէի Յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Իսամ Տարուիշ օրերս Այնճար հայկական աւանի պատմական բերդ այցելած է։
Աւելի ուշ քրիստոնեայ առաջնորդը իր դիմատետրեան էջին գրած է, որ ընդունած է Լիբանան այցելութիւն տուող լեհ կրօնաւորներու մեծ պատուիրակութիւն մը եւ պատեհ գտած է այցելել Այնճարի պատմական բերդ ու կայ նաեւ 5-դարու շինութիւն եղող բիւզանդական շրջանի եկեղեցի մը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսը առաջնորդն է Զահլէ շրջանի յոյն կաթողիկէ համայնքին, եւ Զահլէ գիւղաքաղաքին մէջ նոյնպէս կ՚ապրին հայ հայրենակիցներ։