image

Տարուիշ եպիսկոպոս կրօնաւորներու ընկերակցութեամբ ՝ Այնճարի բերդ այցելած (Լուսանկար)

 Տարուիշ եպիսկոպոս   կրօնաւորներու  ընկերակցութեամբ ՝ Այնճարի բերդ այցելած (Լուսանկար)

 Զահլէի Յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Իսամ Տարուիշ օրերս Այնճար հայկական աւանի պատմական բերդ այցելած է։

Աւելի ուշ քրիստոնեայ առաջնորդը իր դիմատետրեան էջին գրած է, որ ընդունած է  Լիբանան այցելութիւն տուող լեհ կրօնաւորներու մեծ պատուիրակութիւն մը եւ պատեհ գտած է այցելել Այնճարի պատմական բերդ ու կայ նաեւ 5- դարու շինութիւն եղող բիւզանդական շրջանի եկեղեցի մը։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսը առաջնորդն է Զահլէ շրջանի յոյն կաթողիկէ համայնքին, եւ Զահլէ գիւղաքաղաքին մէջ նոյնպէս կ՚ապրին հայ հայրենակիցներ։