Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան մեկնաբանած է Երեւանի մէջ «Պաշարուած Լենինգրադի երեխաներուն» յուշարձանի մօտ տեղի ունեցածը։
«Խստօրէն կը դատապարտենք յունուար 29-ին Երեւանի մէջ «Պաշարուած Լենինգրադի երեխաներուն» յուշարձանի մօտ կատարուած վանտալիզմը։
Խոր ցաւով կը նշենք, որ ասիկա Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համար ընդհանուր պատմութեան հերոսական էջերուն նուիրուած յուշարձաններու պղծման առաջին դէպքը չէ:
Կը տեսնենք բարեկամ հայ ժողովուրդին կողմէ տեղի ունեցածին նկատմամբ սուր արձագանգը, նոյնը կ՛ակնկալենք նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններէն, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալենք, որ այսուհետեւ այսպիսի բարբարոսութեան դրսեւորումները կը կանխուին:
Այսպիսի գործողութիւններով հրապարակային արշաւ կը տարուի` փորձելով սեւցնել Ռուսիոյ դերը Հարաւային Կովկասի մէջ», ըսած է Զախարովա:
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը եւս ցաւ յայտնած է «Պաշարուած Լենինգրադի երեխաներուն» յուշարձանին մօտ եղած ամօթալի սադրանքին նկատմամբ՝ զայն նկատելով այս ողբերգութեան զոհերուն եւ քաղաքը պաշտպանած հերոսներու յիշատակին նկատմամբ բացայայտ ստորնացում։
Դեսպանատունը յայտնած է, թէ իրենք յոյս ունին, որ այս գործողութիւնները համապատասխան իրաւական գնահատական կը ստանան Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, եւ որ յանցաւորները պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին: