image
Հրատապ լուրեր:

Յունուարի կէսին ԱՄՆ դեսպան Քուինը պիտի աւարտէ իր աշխատանքը ՀՀ-ի մէջ․ դեսպանատուն

Յունուարի կէսին ԱՄՆ դեսպան Քուինը պիտի աւարտէ իր աշխատանքը ՀՀ-ի մէջ․ դեսպանատուն

Երեք տարի պաշտօնավարումէ ետք յունուարի կէսին դեսպան Քուինը պիտի աւարտէ իր աշխատանքը ՀՀ-ի մէջ։ Այս մասին յայտնած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն։

Նշուած է, որ դեսպանի հեռանալէն ետք Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ փոփոխութեան պիտի չենթարկուի։

«‎Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի հետ իր գործընկերութեան եւ կ՚ակնկալէ տեսնել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հետագայ զարգացում, ինչպէս նաեւ՝ օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան պատմական գագաթնաժողովի ընթացքին նախագահ Թրամփի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ ստորագրուած երկկողմ համաձայնագրերու իրականացում»‎,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։