Յունաստանի վարչապետի նստավայրին` Մաքսիմա Պալատին մէջ հրդեհ բռնկած է:
Այս մասին յայտնած է Յունաստանի կլիմայական ճգնաժամերու եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Այսօր առաւօտեան հրդեհ բռնկած է Մաքսիմա առանձնատան առաջին յարկը գտնուող յարակից պահեստային տարածքին մէջ։ Հրդեհաշիջման մասնակցած է 24 հրշէջ` 7 մեքենաներով։ Հրդեհն արագ տեղայնացուած է, միայն աննշան նիւթական վնաս պատճառելով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ իրաւասու քննչական բաժինը կը քննէ միջադէպը։ Յունաստանի վարչապետի նստավայրը կը գտնուի Աթէնքի կեդրոնը` Հերոտիի Ադդիքիի փողոցը։ Անկէ ոչ հեռու կը գտնուի հրշէջ բաժինը։