image

Յունաստան փորձած է վար առնել ՆԱԹՕ-ի առաքելութիւնն իրականացնող թրքական օդանաւը

Յունաստան փորձած է վար առնել  ՆԱԹՕ-ի առաքելութիւնն իրականացնող թրքական օդանաւը

Թուրքիան Յունաստանը մեղադրած է ՆԱԹՕ-ի առաքելութիւնն իրականացնող թրքական ծովային պարեկային օդանաւը որսալու փորձի մէջ։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովստի»ն՝ յղում ընելով Anadolu գործակալութեան։ 

Ինչպէս հաղորդած է գործակալութիւնը՝ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս ունեցած իր աղբիւրներուն յղումով, Յունաստանը «կտրուկ մեծցուցած է իր յարձակողական պահուածքը Եգէական եւ Արեւելեան Միջերկրական ծովերուն մէջ», Թուրքիոյ օդային ու ջրային տարածքներուն մէջ խախտումներու դէպքերու քանակը նախորդ տարուան 1123-ի համեմատ զգալի աճած է՝ հասնելով 1616-ի  միայն ընթացիկ տարուան ութ ամսուան ընթացքին։ 

Ըստ թրքական լրատուականի՝ 15 օգոստոսէն գրանցուած է յունական օդաչուներու կողմէ պարեկային ծառայութիւն իրականացնող թրքական օդանաւերու հետապնդման 14 միջադէպ, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցած է 1 սեպտեմբերին։

«Յունական ռազմաօդային ուժերը փորձած են որսալ թրքական ծովային պարեկային օդանաւը, որ առաքելութիւն կը կատարէր ՆԱԹՕ-ի՝ Միջերկրական ծովուն մէջ անվտանգութեան ապահովմանն ուղղուած «Sea Guardian» առաքելութեան շրջածիրէն ներս: Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ընդգծած են, որ օդանաւը զինուած չէ եղած: Գերատեսչութենէն յայտնած են, որ յունական կողմի գործողութիւններուն տրուած է համարժէք պատասխան», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։