image

Ըստ Զախարովայի Եւրոպական ընտանիքը կ՚ուզէ Ռուսիան դուրս մղել Հարաւային Կովկասէն

 Ըստ Զախարովայի Եւրոպական ընտանիքը կ՚ուզէ Ռուսիան դուրս մղել  Հարաւային Կովկասէն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան մեկնաբանած է Եւրոմիութեան միջնորդութիւնը Սերպիայի եւ Քոսովոյի միջեւ բանակցութիւններուն, նշած՝ ատոնք «կը դիտարկուին աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններու, սեփական սահմաններու շուրջ ազդեցութեան նոր ոլորտներ իւրացնելու, տնտեսապէս խոցելի պետութիւնները նորէն գաղութացնելու ցանկութեամբ»:

Այդ ծիրէն ներս դիւանագետն անդրադարձած է ԵՄ միջնորդական ջանքերուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան:

«Կ'արձանագրենք հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ Եւրոմիութեան միջնորդութեան բացարձակապէս քաղաքականացուած եւ պատեհապաշտական բնոյթը, ուր առաջնայինը ոչ թէ կայունացման նպաստելու ցանկութիւնն է, այլ գաղափարախօսութիւնն ու Ռուսիոյ դուրս մղելու ձգտումը։ Օրինակներէն մէկը Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան գործունէութեան քիչ արտայայտուած արդիւնքներն են»,- ըսած է ՌԴ ԱԳՆ խօսնակը։