image

Ըստ Daily Sabah-ին Էրտողանի Իշխող AKP Կուսակցութիւնը Պիտի Յաղթէ

Ըստ  Daily Sabah-ին      Էրտողանի   Իշխող   AKP    Կուսակցութիւնը  Պիտի Յաղթէ

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)  Ըստ  վերջերս հրապարակուած վիճակագրութեան մը    Թուրքիոյ իշխող AKP   կուսակցութիւնը    կարեւոր յաղթանակ իտի տանի յառաջիկայ   1   Նոյեմբերին կայանալիք  խորհրդարանական   ընտրութիւններուն եւ այդպիսով պիտի կարողանայ    առանձինն  նոր կառավարութիւն մը կազմել: Այս  մասին  գրած է       թրքական  «Տէյլի Սապահ»ը, որ իր տեղեկութիւնը հիմնաւորած է հրապարակելով   «Ֆարեանս»    ընկերութեան վերջերս կազմած   վիճակագրութիւնը: Թերթը նաեւ  զրուցած  է  այդ  վիճակագրական ընկերութեան տնօրէն ՝ Րաժապ Սազքայաին  հետ : Սազքայա    յայտնած է, որ  իր կարծիքով   AKP  պիտի    ստանայ   իր նախօրօք կորսնցուցած բոլոր  քուէները  յատկապէս քրտաբնակ  շրջաններուն մէջ:   Ըստ   նոյն պատասխանատուին,   Թուրքիոյ բնակչութեան   60 առ հարիւրը համամիտ է, որ երկիրը   ղեկավարէ մէկ կուսակցութիւն, որն այս պարագային  «Արդարութիւն եւ  զարգացում»   (AKP)  կուսակցութիւնն է: