image

Զելենսքին Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք պիտի որոշէ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն առնչուող հետագայ քայլերը. AFP

Զելենսքին Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք պիտի որոշէ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն առնչուող հետագայ քայլերը. AFP

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին կը ծրագրէ մայիս 15-ին Անգարայի մէջ հանդիպիլ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ, որմէ ետք միայն ան որոշում պիտի կայացնէ, թէ ինչ քայլեր ձեռնարկել Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին AFP գործակալութեան յայտնած է ուքրանացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը։

«Նախագահն Անգարա իր այցը պիտի սկսի Էրտողանի հետ (խմբ.՝ հանդիպումէն) եւ միայն ատկէ ետք նախագահը պիտի որոշէ յաջորդ քայլերը», -ըսած է աղբիւրն այն բանէ ետք, երբ ռուսական պետական ​լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Մոսկուայի պատուիրակութիւնը Իսթանպուլ ժամանած է ծրագրուած բանակցութիւններու համար:

Նման տեղեկութիւն մայիս 15-ին աւելի վաղ յայտնած էր «ՌԲԿ-Ուքրանիա» հրատարակութիւնը՝ վկայակոչելով իր իրազեկ աղբիւրը։ Անիր խօսքով՝ Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու հանդիպումը պիտի կայանայ տեղական ժամանակով ժամը 13:00-ի սահմաններուն (Երեւանի ժամանակով՝ 14։00-ին)։

Մայիս 15-ին Իսթանպուլի մէջ պէտք է տեղի ունենան ռուս-ուքրանական ուղիղ բանակցութիւններ։