Թուրքիա- Պոլսոյ «Ակօս» հայկական պարբերականին կարծիքով «Քէմբ Արմէն»ի խնդիրը կը մնայ Պոլսահայ համայնքի հիմնական «գլխացաւէրէն» մէկը: Այս մասին թերթը այսօր անստորագիր ակնարկ մը ներկայացուցած է («Օգնենք Արմենակներուն եւ Արմենուհիներուն» խորագրով – Խմբ. «Արեւելք») թերթի հայերէն յաւելուածին մէջ: «Ակօս» որ դրուատիքով խօսած է «Քէմբ Արմէն»ի խնդրին վերաբերեալ «Նոր Զարթօնք»ի տղոց կեցուածքներուն մասին նաեւ գրած է, թէ Պոլսոյ հայկական շրջանակներուն մօտ խնդրին առընթեր ընդհանուր անտարբերութիւն մը երեւելի է: Թերթը նոյնպէս որոշ մտահոգութիւն յայտնած է երկրին մէջ տիրող անստոյգ ( բառը «Ակօս»ինն է) իրավիճակին առընթեր, որ նոյնպէս իր վատ ազդեցութիւնները կրնայ ունենալ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Քէմբ Արմէն»ի խնդրին ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հայութիւնը յուզող տարբեր խնդիրներուն առընթեր: Յիշեցնենք, որ «Քէմբ Արմէն»ը կը պատկանի Պոլսոյ աւետարանական համայնքին ( Կէտիկփաշա շրջանի եկեղեցական խորհուրդ) եւ կառոյցը, որպէս ապաստանարան երկար տարիներ ծառայած է համայնքին: Կառավարութիւնը որոշած է, որ շէնքը պէտք է փլուի իսկ կառոյցին հողատէրը զայն ամբողջութեամբ կը փափաքի վերադարձնել իր իրաւատիրոջ ՝ Պոլսահայ աւետարանական համայնքին: