image

Խմբագրական «Ակօս»ի. Տխուր միջադէպ բոլորի հաշուոյն

Խմբագրական «Ակօս»ի. Տխուր միջադէպ բոլորի հաշուոյն

Նեցուկ կանգնե­­լով Բագ­­րատ Արք. Գալստա­­նեանի իբ­­րեւ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ Հա­­յաս­­տա­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան դէմ ստանձնած ապստամ­­բա­­­կան շար­­ժումին, Էջ­­միած­­նի Կա­­թողի­­կոսա­­կան աթո­­ռը ինքնին դար­­ձած է քա­­ղաքա­­կան հա­­կադ­­րութեան կողմ։ Այս ըն­­թացքի բնա­­կան հե­­տեւանք իբ­­րեւ, Գա­­րեգին Բ. Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսը վեր­­ջերս կը խու­­սա­­­փի պե­­տական աւա­­գանիի հետ նոյն պա­­հուն, նոյն վայ­­րը գտնո­­ւելու երե­­ւոյ­­թէն։

Այս մէ­­կը նկա­­տած ենք Ծի­­ծեռ­­նա­­­կաբեր­­դի կամ Եռաբ­­լուրի մէջ կա­­յացած հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րու պա­­հուն իսկ։ Շա­­տեր այս ան­­գամ ալ կ՚ակնկա­­լէին նոյն պա­­հուած­­քը 28 Մա­­յիսին, այ­­սինքն Հա­­յաս­­տա­­­նի Ա. Հան­­րա­­­պետու­­թեան տա­­րեդար­­ձի տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րու պա­­հուն։ Ար­­դա­­­րեւ Բագ­­րատ Արք. Գալստա­­նեան իր հա­­մակիր­­նե­­­րով միասին նա­­խապէս եկաւ Սար­­տա­­­րապա­­տի յու­­շա­­­համա­­լիրը եւ հա­­զիւ իր հե­­ռացու­­մէն ետք է, որ պե­­տական աւա­­գանին ներ­­կա­­­յացաւ Սար­­տա­­­րապա­­տի զո­­հերու յի­­շատակ­­ման կո­­թողին։

Այն պա­­հուն տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ անսպա­­սելին, երբ Կա­­թողի­­կոսը հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու շքա­­խումբով եւս յայտնո­­ւեցաւ արա­­րողա­­կար­­գի վայ­­րը։

Որ­­քան ալ սո­­վորա­­կան երե­­ւոյթ ստա­­ցած ըլ­­լայ եկե­­ղեց­­ւոյ առ­­ճա­­­կատու­­մը գոր­­ծող օրի­­նական իշ­­խա­­­նու­­թեան դէմ, այդ պա­­հուն գոր­­ծադրո­­ւած խրմշտու­­քը ընդվզում պատ­­ճա­­­ռեցին շա­­տերու մօտ։

Վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան պա­­տահած­­նե­­­րու մա­­սին լրագ­­րողնե­­րու հետ զրոյ­­ցի պա­­հուն տո­­ւաւ հե­­տեւեալ բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը.

«Նախ մենք պէտք է ար­­ձա­­­նագ­­րենք, որ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսի կող­­մէ ղե­­կավա­­րուող քա­­ղաքա­­կան շար­­ժումը նա­­խորդ օր ու նաեւ երէկ պե­­տական արա­­րողա­­կար­­գա­­­յին մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու խո­­չըն­­դո­­­տելուն ուղղո­­ւած գոր­­ծո­­­ղու­­թիւններ ըրած էր, ու երբ երէկ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը մօ­­տեցած է պե­­տական արա­­րողա­­կար­­գա­­­յին մի­­ջոցառ­­ման վայր, ընդ որում հրա­­ւէր չէ ու­­նե­­­ցած, մենք ալ տե­­ղեկու­­թիւն չենք ու­­նե­­­ցած, որ ան ու­­նե­­­ցած է հրա­­ւէրի ակնկա­­լիք։

Ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը պար­­զա­­­պէս փոր­­ձած է ճշդել, թէ՞ ար­­դեօք Վե­­հափա­­ռը եկած է իր քա­­ղաքա­­կան կողմնա­­կից­­նե­­­րու ու իր կող­­մէ ղե­­կավա­­րուող շարժման նա­­խաձեռ­­նո­­­ւած խո­­չըն­­դո­­­տող ու սադ­­րող գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը շա­­րու­­նա­­­կելու, թէ այլ նպա­­տակով։ Երբ ստա­­ցած են հա­­ւաս­­տիացումներ, որ այ­­ցը ու­­նի արա­­րողա­­կար­­գա­­­յին նպա­­տակ, ապա­­հովո­­ւած է անոր մուտքը Սար­­դա­­­րապա­­տի յու­­շա­­­համա­­լիրի՝ պե­­տական արա­­րողա­­կար­­գա­­­յին մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու տա­­րածք։

…Եթէ եկե­­ղեցու դէմ ար­­շաւ կը տես­­նէք, ապա այդ պէտք է տես­­նել մէկ այլ տեղ, եւ այդ տե­­ղը կապ չու­­նի ՀՀ կա­­ռավա­­րու­­թեան եւ կա­­ռավա­­րող մե­­ծամաս­­նութեան հետ» վստա­­հեցու­­ցած է Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան։

Ինչ կը վե­­րաբե­­րի Բագ­­րատ սրբա­­զանի հան­­դիպման առա­­ջար­­կին, ապա Փա­­շինեանը նշած է, որ իր հետ հան­­դի­­­պելու ըն­­թա­­­ցակար­­գեր կան. ան որ կ՚ու­­զէ իր հետ հան­­դի­­­պիլ, կրնայ հեր­­թագրո­­ւիլ ու ազատ հան­­դի­­­պիլ։

Յի­­շեց­­նենք`«Տա­­ւու­­շը յա­­նուն հայ­­րե­­­նիքի» շարժման առաջ­­նորդ Բագ­­րատ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Գալստա­­նեանը Մա­­յիս 21–ին յայ­­տա­­­րարած էր, որ ՀՀ իշ­­խա­­­նական թե­­ւէն միայն ՀՀ վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեանի հետ կը խօ­­սի, «մնա­­ցածը շօ­­շափուկներ են»։

 

Նիւթը՝ «Ակօս»էն