«Լրագրողներ յանուն ապագայի» հասարակական կազմակերպութիւնն ու «Ամփոփ Մետիա» (Amphop Media) լրատուական հարթակը համատեղ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած են՝ հրապարակելով յատուկ ուղեցոյց մը։ Այս մէկը նախատեսուած է արեւմտահայերէն խօսող եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն համար։ Նոյնպիսի ուղեցոյցներ պատրաստուած են նաեւ ասորերէն, եզիտերէն, քրտերէն, ռուսերէն եւ արեւելահայերէն։
Պատրաստուած ուղեցոյցին նպատակն է ընտրողներուն պարզ եւ մատչելի ձեւով ներկայացնել ընտրական գործընթացը։ Հոս քայլ առ քայլ կը բացատրուի քուէարկութեան ամբողջական կարգը, ընթացակարգերն ու քաղաքացիին իրաւունքներն ու պարտականութիւնները ընտրատեղամասէն ներս։
7 ՅՈՒՆԻՍ 2026
ՀՀ ԱԺ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՏՆԵԼ ՁԵՐ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՏԵՂԱՄԱՍԸ ԵՒ ՍՏՈՒԳԵԼ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ
Այցելեցէ՛ք Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայք՝ www.elections.am/Register
☎️ Հեռաձայնեցէ՛ք թէժ գիծ՝ 010 54 53 59, 010 56 31 05, 010 56 31 06
Եթէ Ձեր անունը ցուցակին մէջ չկայ, կամ կայ, բայց տառասխալ կայ, կամ Ձեր հասցէին վրայ անծանօթ անձ մը հաշուառուած է, անմիջապէս հեռաձայնեցէ՛ք Տեղաշարժի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւն՝
☎️ Թէժ գիծ՝ 84-22
ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ
ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԸ
Տեղամասային կեդրոնները բաց են 08:00-էն 20:00-ը
Քուէարկութեան պէտք է մասնակցիլ անձամբ
ՔԱՅԼ 1 | ՄՈՒՏՔ ԵՒ ԳՐԱՆՑՈՒՄ
Մօտեցէ՛ք մասնագէտին եւ ներկայացուցէ՛ք Ձեր անձը հաստատող փաստաթուղթը (ID քարտ, կենսաչափական անձնագիր կամ սովորական անձնագիր):
Մասնագէտը փաստաթուղթը կը զետեղէ սարքին մէջ եւ կը խնդրէ տեղադրել Ձեր մատնահետքը:
Սարքը կը տպէ քուէարկութեան կտրօնը, զոր պէտք է պահել մինչեւ քուէարկութեան աւարտը։
ՔԱՅԼ 2 | ՔՈՒԷԱԹԵՐԹԻԿՆԵՐՈՒ ՍՏԱՑՈՒՄ
Մօտեցէ՛ք քուէաթերթիկներու պատասխանատու յանձնաժողովի անդամին, փոխանցեցէ՛ք կտրօնն ու ստորագրեցէ՛ք ընտրողներու ցուցակին մէջ։
Ստացէ՛ք բոլոր մասնակից կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու քուէաթերթիկները (18 հատ) եւ քուէարկութեան մէկ ծրար։
ՔԱՅԼ 3 | ՔՈՒԷԱԽՑԻԿ
Քուէախցիկին մէջ Ձեր ընտրած կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքին քուէաթերթիկը դրէ՛ք ծրարին մէջ՝ առանց ծալելու։
Միւս քուէաթերթիկները նետեցէ՛ք քուէախցիկին մէջ դրուած տուփին մէջ։
ՎԱՒԵՐ ԵՒ ԱՆՎԱՒԵՐ ՔՈՒԷԱԹԵՐԹԻԿՆԵՐ
Որպէսզի Ձեր քուէն վաւեր համարուի, հետեւեցէ՛ք այս կանոններուն.
Որեւէ նշում մի՛ ընէք
Քուէաթերթիկին վրայ որեւէ նշում կամ գրիչով որեւէ գրառում քուէաթերթիկը անվաւեր կը դարձնէ:
Ընտրեցէք մէկ քուէաթերթիկ
Ծրարին մէջ պէտք է ըլլայ միայն մէկ քուէաթերթիկ: Եթէ ծրարին մէջ մէկէ աւելի քուէաթերթիկ կամ այլ առարկայ գտնուի, Ձեր քուէն չի հաշուուիր (կամ՝ անվաւեր կը նկատուի):
Միւսները նետեցէ՛ք տուփին մէջ
Չօգտագործուած բոլոր քուէաթերթիկները (մնացած 17-ը) նետեցէ՛ք քուէախցիկին մէջ դրուած առանձին տուփին մէջ: Զանոնք դուրս մի՛ հանէք քուէախցիկէն:
ՔԱՅԼ 4 | ՔՈՒԷԱՏՈՒՓԻՆ ՔՈՎ
Մօտեցէ՛ք քուէատուփի պատասխանատու յանձնաժողովի անդամին, տուէ՛ք Ձեր կտրօնը:
Այնուհետեւ սեղանին վրայ դրէ՛ք քուէարկութեան ծրարը, որուն վրայ յանձնաժողովի անդամը կը փակցնէ դրոշմանիշ, որմէ ետք ծրարը նետեցէ՛ք քուէատուփին մէջ:
Քուէարկութիւնը գաղտնի է, իսկ մասնակցութիւնը՝ ազատ եւ կամաւոր:
Ոչ ոք իրաւունք ունի Ձեզ պարտադրելու, որպէսզի քուէարկէք քաղաքական որեւէ ուժի կողմ կամ դէմ: