Մեր, ձեր, իրենց...
Աշխարհաբարը ստացականութիւն ցոյց տալու համար ունի`
--մէկ կողմէ ստացական յօդերը՝ ս, դ, ն/ը, նիս, նիդ, նին. օրինակ՝
մատիտս – մատիտդ – մատիտը – մատիտնիս – մատիտնիդ -մատիտնին,
--միւս կողմէ՝ ստացական դերանունները՝
իմ-քու-իր-անոր-մեր-ձեր-իրենց-անոնց:
Մեր շուրջը այս նոյն յատկութեամբ, դուք ըսէք՝ ճոխութեամբ, օժտուած է միայն թրքերէնը: Եւրոպական լեզուները ունին ստացական դերանուններ՝ mon-ton-son, my, your, his/her, mio-tuo-suo… սակայն չունին համապատասխան յօդերը:
Ուրեմն հայերէնը ստացականութիւնը կ’արտայայտէ մեծահարուստի պէս. մերթ ստացական յօդով, մերթ ստացական դերանունով, մերթ երկուքով միաժամանակ՝ ստանալով հաճելի զանազանութիւն մը, մինչ օտար լեզուները պարտաւոր են կրկնել եղած ստացական դերանունները՝ միշտ նոյն փողկապը կապող կամ նոյն հագուստը հագնող չունեւորին պէս, ձանձրացուցիչ միօրինա-կութեամբ մը:
Օրինակ՝ հայերէնը հաւասարապէս կրնայ ըսել.
--Թորոսը իր գլխարկը դրաւ ու դուրս ելաւ:
Այստեղ ստացականութիւնը կը նշուի իր դերանունով եւ (գլխարկ)ը ստացական յօդով:
Սակայն կը բաւէ նաեւ ըսել՝
--Թորոսը գլխարկը դրաւ ու դուրս ելաւ:
Ուր ստացականութիւնը կատարելապէս զգալի է շնորհիւ ը յօդին: Թորոսին դրածը իրն էր, անշուշտ, եւ չէր կրնար ըլլալ...մէկ ուրիշինը:
Եւրոպացին չի կրնար ըսել այս վերջինը, եւ ան ստիպուած է ամէն անգամ դիմելու ստացական դերանունին. օրինակ՝
--Jean a mis son chapeau.
--John has put his cap.
--Giovanni ha messo suo capello.
Միւս կողմէ, սակայն, խօսողէն ու յատկապէս գրողէն կ’ակնկալուի, որ ան գիտնայ կիրթ ճաշակով տնտեսել այս հարստութիւնը եւ չիյնալ աւելորդ ու վանելի ցուցադրութեան ու մսխումի մէջ:
Մեր թարգմանիչներն ու լրագրողները, դժբախտաբար, միշտ չէ որ ճիշդ կ’օգտուին հայերէնի այս գերակայութենէն՝ իյնալով անտեղի աւելորդաբանութեան մէջ. օրինակ՝
--Մեր կուսակցութիւնները հայուն անհատապաշտութիւնը խորտակելու իրենց դերին հրաժեշտ չեն տուած:
Այստեղ աւելորդ է իրենց դերանունը, քանի բացայայտ է, որ այդ դերը կուսակցութիւններէն զատ ուրիշին չէր կրնար պատկանիլ:
--Պարոն Թրամփ երեսս ուղղեց իր շիլ աչքերը:
Անշուշտ թէ Թրամփ ի՛ր աչքերը պիտի ուղղէր, քանի որ մարդ չի կրնար իրեններէն տարբեր աչքեր ուղղել ուրիշի մը երեսին: Միւս կողմէ՝ աչքերը բառին ը ստացական յօդը արդէն յստակօրէն կը թելադրէ, թէ որո՛ւն կը պատկանին աչքերը:
--Ռուսական բանակը իր յառաջխաղցքին մէջ իր վերահսկողութեան տակ առաւ քաղաքը:
Օտար լեզուն, որմէ թարգմանուած է այս նախադասութիւնը, պարտադրա-բար կիրարկած է երկու ստացական դերանուն՝ իր...իր... որովհետեւ այդպէս կը պահանջէ իր քերականութիւնը, օրինակ՝ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի եւ այլ լեզուներու:
Հայերէնի մէջ՝ յառաջխաղացքին-ի ստացական յօդի ներկայութեան՝ բոլորովին աւելորդ է առաջին իր-ը: Անդին կրնանք ազատօրէն ջնջել երկրորդ իր-ը եւս, քանի կը խօսուի միայն մէ՛կ բանակի՝ ռուսականին մասին, եւ անկէ զատ ուրիշ մը չէր կրնար «իր վերահսկողութեան տակ առնել քաղաքը»:
Ենթադրենք պահ մը, որ յառաջխաղացող բանակները ըլլային երկու՝ ռուսական եւ գերմանական, եւ քաղաքը գրաւողը կամ առաջին գրաւողը ըլլար ռուսականը, այդ պարագային պարտաւոր էինք գրելու.
--Յառաջխաղացող բանակներէն ռուսականը իր վերահսկողութեան տակ առաւ քաղաքը:
Թոյլատրելի է նոյնիսկ շեշտել իր-ը՝ բոլորովին զանազանելով գերմանա-կանէն:
Կրնանք նաեւ իր-ը փոխարինել ը ստացական յօդով.
--Յառաջխաղացող բանակներէն ռուսականը վերահսկողութեանը տակ առաւ քաղաքը:
--Մեր բաժանմունքը ցոյց տուաւ այդ գործը ձեռնհասօրէն կատարելու իր կարողութիւնը:
Աւելորդ է իր-ը՝ քանի յստակ կ’երեւի, որ կարողութիւնը կը պատկանի բաժանմունքին:
--Քամալա Հարիս իր կուսակցութեան ժողովի ծիրին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ:
Հիմնուելով նախորդ օրինակներէն բխող լեզուազգացողութեան վրայ՝ ապա դիւրաւ պիտի անդրադառնանք, որ բերուած նախադասութիւնը կարելի է գրել նաեւ սա՛պէս.
--Քամալա Հարիս իր կուսակցութեան ժողովին արտասանած խօսքով խոս-տացաւ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ:
Ուր ջնջեցինք երկու դերանուններէն երկրորդը:
Չէինք կրնար ջնջել առաջինը եւս, քանի որ առանց առաջին «իր»-ին պիտի չգիտցուէր, թէ որո՞ւ կը պատկանի կուսակցութիւն-ը:
Պահեցինք յօդը ժողովին-ին, որովհետեւ բառս յատկացեալն է կուսակցութեան-ին, եւ յատկացեալին յօդը ընդհանրապէս չենք կրնար ջնջել:
Պահեցինք ամերիկացիներուն-ին յօդը եւս, քանի որ բոլոր դերանունին որոշեալը անպայման յօդ կը պահանջէ. բոլոր ծառերը-բոլոր ծառերուն, բոլոր տուները-բոլոր տուներուն եւ այլն: Չենք կրնար ըսել՝ բոլոր ծառերու, բոլոր տուներու, բոլոր ամերիկացիներու:
Նկատել, որ առիթէն օգտուելով ջնջեցինք երկու մէջ-երը եւս, որոնք նմանապէս անպէտ ու աւելորդ շատախօսութիւն են:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com