image

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (7). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (7). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Աւելորդաբանութիւն (7)

Նախորդ  երկու յօդուածներով տեսանք աւելորդաբար գործածուող  ու լեզուն աղարտող   այլազան բառեր: 

Կը շարունակենք հետեւեալներով.

***Համար

Սա իր կարգին մակաբուծաբար կը մտնէ այնպիսի կառոյցներու մէջ, ուր   շատ յաճախ  հոլով մը  լայնօրէն գոհացուցիչ է: 

 Համար-ը նմանապէս յետադրութիւն մըն է, որ կը դրուի տրական հոլով ունեցող գոյականներու կամ  այլ առարկայանիշ բառերու վրայ.  հիմնական դերակատարութիւնը լեզուի մէջ նպատակ ցոյց տալն է.  օրինակ՝ 

--Ան հայրենիքի ազատութեան համար   կը  պայքարի: 

Ի՞նչ նպատակով կը պայքարի,— ազատութեան  (հայրենիքի ազատութեան):

Ազատութեան-ը   դրուած է տրական հոլով եւ խնդիրն է համար յետադրութեան:

«Ազասութեան համար»՝ ասոնք միասնաբար  ցոյց կու տան պայքարիլ բայի նպատակը եւ կը կոչուին «նպատակի պարագայ կը պայքարի ստորոգիչին», այսինքն՝ դիմաւոր բային:

«Կ’ըլլան մարդիկ, որ լացող մը չունին, 

Անոր համար   նա դրաւ այդ լուսին» (Պ. Դուրեան):

Ըստ վաղամեռիկ բանաստեղծին՝ Աստուած լուսինը դրած է երկինքի վրայ՝ նպատակով մը. որպէսզի ան լայ  այն դժբախտներուն համար, որոնք լացող չունին:

Բայց ահա ստորոգիչին նպատակը  ցոյց տալու համար միշտ անհրաժեշտ չէ  համար կիրարկել. օրինակ՝

--Աղջիկները աղբիւր գացին ջուր բերելու համար:

--Աղջիկները աղբիւր գացին ջուր բերելու:

Բերելու տրական հոլով դերբայը  կատարելապէս ի վիճակի է  առանձինը ցոյց տալու աղջիկներուն՝ աղբիւր երթալու նպատակը: Բայց ահա մեզմէ շատեր  բոլորովին մեքենաբար  կ’աւելցնեն համար-ը:

Այնպէս ալ աւելորդ է համար-ը հետեւեալներուն մէջ.

--Քեզ տեսնելու  (համար)  եկանք:

--Մամաս  փուռ գնաց  հաց գնելու (համար):

--Քեզի հետ խաղալու (համար)եկայ:

--Ասիկա կրնայ ոմանց համար   յաւակնոտ թուիլ («Ազդակ», 29/8/2024):

                                                                            *     *     *

Համար-ը նպատակի փոխարէն պատճառ ցոյց կու  տայ, երբ անոր կցենք դիմորոշ յօդ մը. հետեւեալները կը պատասխանեն՝  «ի՞նչ պատճառով» հարցումին  .

--Շատ ուտելուս համար գիրցայ:

--Շատ գիտնալուդ համա՞ր  սխալեցար:

--Դասարանը խանգարելուն համար պատժուեցաւ:

  Նաեւ՝ գիտնալնուս համար... չերթալնուդ համար... կոտրելնուն համար...

--Ճիշդը խօսելնուս համար գէշ մարդ եղանք (եղաք, եղան)... 

Յաճախ կը պատահի, որ խօսողը կամ գրողը նոյնիսկ ջնջէ համար-ը. 

--Շատ կարդալուն՝   աչքերը տկարացուց...

Պարզ է՝ « շատ կարդալուն պատճառով աչքերը տկարացուց»:

Այս պարագային  պէտք է անպայման բութ մը դնել դերբային վրայ. այդ բութը ձեւով մը զեղղչուած համար-ը կը փոխարինէ: Արտասանելու առթիւ՝ այդ բութին պէտք է ակնթարթ մը կանգ առնել՝ առանց ձայնը իջեցնելու:

Բաւական դժուար ոճ մըն է այս եւ լեզուական որոշ հմտութիւն կը պահանջէ:

Անշուշտ անյաղթահարելի չէ այդ դժուարութիւնը, եւ որոշ ճիգով կարելի է տիրապետել անոր: 

                                                                                 *    *    *

Այս բոլորը շարադրեցինք արեւմտահայերէնի ծիրէն ներս:

Արեւելահայերէնը ունի իր  սահմանափակումները:

Ան չի կրնար դիմորոշ յօդով օժտել անորոշ դերբայը եւ ըսել. 

--Աղմկելուս համար  պատժուեցայ:       ի՞նչ պատճառով...

--Յաաջողելուն համար  վարձատրուեցաւ:      ի՞նչ պատճառով 

Եւ  այս վերջինին փոխարէն  ու առանց դիմորոշ յօդի կ’ըսէ.

--Յաջողելու համար վարձատրուեցաւ:    

Արդ, արեւմտահայ լեզուամտածողութեամբ՝  այս վերջինը ոչ թէ պատճառ, այլ նպատակ ցոյց կու տայ.  

—Ի՞նչ նպատակով ան վարձատրուեցաւ:

Յաջողելու նպատակով: 

Այսինքն՝ զինք վարձատրեցին՝ յուսալով, որ  աւելի ճիգ  կը թափէ ու ...  կը  յաջողի: 

Եւ ուրիշ բան չի նշանակեր:

Մինչդեռ արեւելահայուն մտքին մէջ ան կրնայ նշանակել երկու բան.

ա. Ան վարձատրուեցաւ, որպէսզի  յաջողի:        ի՞նչ նպատակով...

բ. Ան վարձատրուեցաւ, որովհետեւ յաջողեցաւ:         ի՞նչ պատճառով

Այլ խօսքով՝  արեւելահայ մտածողութեամբ,— եւ ուրեմն արեւելահայերէն բնագրերու մէջ,— նոյն կառոյցը կրնայ թէ՛ պատճառ ցոյց տալ, թէ՛ նպատակ:

Ես ուղղակի կ’ապշիմ, թէ այս մարդիկ ինչպէ՞ս կը հաղորդակցին ու կը հասկնան զիրար, երբ նոյն  խօսքը երկու բոլորովին տարբեր՝ իրարու ներհակ միտքեր կ’արտայատէ:

Եւ այս՝ մեզի համար այլանդակ կիրակութիւնները հիմա ազատօրէն սկսած են սպրդիլ  արեւմտահայ  թերթերու մէջ: Ստորեւ երեք  օրինակ՝

--Նախարարը գոհ էր ընտրութիւնները որոշուած թուականին կատարելու համար:

--Դիւանագէտը մեղադրած է կուսակցութիւնը՝ Ուքրանիոյ աջակցութիւնը խափանելու համար: 

--Քաղաքը  աղտոտելու համար քաղաքապետարանը աւելի պիտի տուգանէ:

             
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com