image

Ոչ եւս է մուսալեռցի 100-ամեայ գրող՝ Պօղոս Արմենակ Լագիսեան

Ոչ եւս է մուսալեռցի 100-ամեայ գրող՝ Պօղոս Արմենակ Լագիսեան

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պօղոս Արմենակ Լագիսեան։

Հանգուցեալին մասին հակիրճ մահագրութիւն.

21 Սեպտեմբեր 2024-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, իր մահկանացուն կնքեց 100-ամեայ Պօղոս Արմենակ Լագիսեանը (ծնեալ Եօղուն Օլուք, Մուսալեռ, 27 հոկտեմբեր, 1924): 

Ան վաստակաշատ գրող էր եւ հեղինակ բազմաթիւ գիրքերու ու յօդուածներու: Անխոնջ աշխատակից էր ամերիկահայ մամուլին, մասնաւորաբար «Մասիս», «Նոր Օր», «Նոր Կեանք», «Ասպարէզ»,«Մոլորակ» եւ «Պայքար» շաբաթաթերթերուն :

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։

 

 

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր եղբօրորդիին՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին։