image

«Ընթացքը դրական է». Փութին անդրադարձած է երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեանց

«Ընթացքը դրական է». Փութին անդրադարձած է երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեանց

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին վստահութիւն յայտնած է, որ բոլոր փոփոխութիւնները, որոնք այժմ տեղի կ'ունենան Ռուսասիոյ եւ աշխարհի մէջ, դէպի լաւը կը տանին։ Դեկտեմբեր 18-ին Ռուսիոյ ղեկավարն այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ երեխաներու եւ երիտասարդներու շարժման առաջին համագումարի մասնակիցներուն ուղղուած տեսաուղերձին մէջ։

«Այսօր մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան ոչ միայն Ռուսասիոյ մէջ, այլ ամբողջ աշխարհը կը փոխուի։ Ես կը կարծեմ, որ այդ փոփոխութիւններու ընթացքը դրական է՝ դէպի լաւը»,- ըսած է պետութեան ղեկավարը։

Փութին յույս յայտնած է, որ Ռուսիոյ քաղաքացիները իրենց գործերով եւ վճռականութեամբ կը կարողանան աշխարհը աւելի արդար դարձնել։