image

Ընթացք առաւ ընդդիմութեան մեծ հանրահաւաքը

Ընթացք առաւ ընդդիմութեան մեծ հանրահաւաքը

Այս պահուն Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ ընթացք առաւ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման պահանջով ընդդիմութեան համապետական մեծ հանրահաւաքը: Այս մասին կը փոխանցէ «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը, նշելով, որ հազարաւոր հայորդիներ փութացին Ֆրանսայի հրապարակ` վանկարկելով «Նիկո՛լ, դաւաճան» եւ «Նիկոլ, հեռացի՛ր» խօսքերը:

 

Այդ միացողներու շարքին եղան  այն 4 խումբերը, որոնք Հայաստանի տարբեր շրջաններէն հասան Երեւանի կեդրոնական հատուած:

 

Յիշեցնենք, որ ընդդիմութիւնը կը յայտարարէ, թէ այս գործողութիւնները դադար պիտի չունենան եւ ընդդիմութեան մի քանի առաջնորդներ, որոնց շարքին՝ ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան նշած են, որ իրենք վճռական են եւ պիտի երթան մինչեւ պայքարի աւարտը: