Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը վաղը երթ պիտի կայացնէ դէպի Եռաբլուր։
Այս մասին այսօրուան երթի աւարտին յայտարարած է ՀՅԴ ներկայացուցիչ Գեղամ Մանուկեան։
Վաղուայ երթը ընթացք պիտի առնէ յետմիջօրէին «Գարեգին Նժդեհ» կայարանի մօտէն հասնելով մինչեւ նահատակներու պանթէոն՝ Եռաբլուր։
Նշենք, որ ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդման ընդդիմութիւնը կը մերժէ գործող իշխանութիւններու հրաժարական տալէն առաջ արտահերթ ընտրութեանց երթալու ընտրանքին։