Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր պիտի ներկայացնէ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու փաթեթ: Այս մասին յայտնած են Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
«Սեպտեմբեր 15-ին Եւրոմիութիւնը պիտի ներկայացնէ նոր պատժամիջոցներու փաթեթ, որ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն գալէն ի վեր առաջին անգամ մշակուած է անոր հետ անմիջական համակարգմամբ», - նշած է գերատեսչութիւնը։
Նշենք, որ նոր պատժամիջոցներու փաթեթը կրնայ ազդել ռուսական դրամատուներու եւ ուժանիւթային ընկերութիւններու վրայ։ Բացի այդ, այն պիտի ներառէ ռուսական վճարային եւ քարտային համակարգի դէմ միջոցառումներ եւ նաւթի առեւտուրի լրացուցիչ սահմանափակումներ։