«Դիմադրութիւն» շարժման գործողութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ աստիճանաբար կը մեծնայ միջազգային մեծագոյն կազմակերպութիւններու արձագանգը, այս մասին Ֆրանսայի հրապարակին մէջ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարեց ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը:
««Սոցինտեռն»-ը արձագանգել է մեր կողմից Արցախի վերաբերեալ բարձրացուող հարցերին, ինչպէս նաեւ այն խայտառակ քաղաքական հետապնդումներին, որ տեղի են ունենում Հայաստանում: Դրանք այլեւս գաղտնի, թաքուն չեն կարող պահել, չի լինելու այդպէս», ըսաւ ան:
Վարդեւանեանը տեղեկացուց, որ Յուլիս 15-ին` ժամը 19:30, Ֆրանսայի հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, որու ժամանակ եւրոպական այցի արդիւնքները պիտի ներկայացնէ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը:
Շաբթուան ընթացքին եւս շարժումներ պիտի ըլլան, անոր մասին յաւելեալ պիտի տեղեկացնեն:
Վարդեւանեան նշեց, որ ընդդիմութիւնը, բնականաբար սխալներ գործած է եւ դասեր քաղած է անոնցմէ, սակայն ընդդիմութեան սխալները հազարաւոր զոհերու, հայրենիքի կործանման պատճառ չեն դարձած, անոր համար պայքարը պիտի շարունակեն: