image

Ընդդիմադիր պատգամաւորները «մանտաթ»է պիտի զրկուի՞ն

Ընդդիմադիր պատգամաւորները «մանտաթ»է պիտի զրկուի՞ն

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ստորագրած է որոշում, համաձայն որու՝ ԱԺ–ն արտահերթ նիստ պիտի գումարէ եւ պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան՝ ընդդիմադիրները մանտաթէն զրկելու հարցով։

Որոշման մէջ ըսուած է․«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 98-րդ յօդուածի 2-րդ մասը, «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական oրէնքի 156-րդ յօդուածը, առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 5-րդ մասով, «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական oրէնքի 28-րդ յօդուածի 1-ին մասի 6-րդ կէտով՝ Ազգային ժողովի խորհուրդը որոշում է Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորների  լիազօրութիւնները դադարեցնելու հարցով դիմել Սահմանադրական դատարան»:

Ըստ այդմ՝ մանտաթներէն, ՍԴ-ի դրական որոշման պարագային, պիտի զրկուին Խորհրդարանի ընդդիմադիր բոլոր պատգամաւորները, բացի Թագուհի Թովմասեանէն եւ Իշխան Զաքարեանէն:

Նշենք, որ Ազգային ժողովի խորհուրդի կողմէ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները մանտաթէ զրկելու նախագիծի հաստատումէն ետք միայն ԱԺ խորհուրդը կրնայ դիմել Սահմանադրական դատարան։