Փաստաբան Ալեքսանտր Կոչուպաեւը դիմատետրեան գրառմամբ տեղեկացուցած է, որ «Այլընտրանք» ՀԿ համանախագահ Նարեկ Մանթաշեանը սրտի խնդիրներով տեղափոխուած է հիւանդանոց։
«Հենց նոր Վարդաշէն ՔԿՀ-ից տեղեկացրեցին, որ Նարեկ Մանթաշեանը սրտի հետ կապուած խնդիրներով շտապ օգնութեան բրիգադի կողմից տեղափոխուել է հիւանդանոց: Այս խնդիրը հետեւանքն է շաքարային դիաբետի չափազանց բարձր ցուցանիշի (20-28, ինսուլինային կախուածութիւնը օրական 100 մգ):
Այս իշխանութիւնները հասկանալով, որ ջուր քրէական գործերով այլեւս անհնար է անձանց պահել անազատութեան մէջ, անում են իրավիճակից բխող ամէն ինչ, որ քաղբանտարկեալները մահանան: Դատաւոր Ֆարխոյեանն էլ շուրջ մէկ ամիս ժամանակ չգտաւ, որպէսզի շտապ նիստ գումարի եւ քննարկի կալանաւորման հետ անհամատեղելիութիւնը պարզելու միջնորդութիւնը, իսկ պետութիւնը ակնյայտօրէն տապալում է Ն. Մանթաշեանի առողջութեան պահպանման գործառոյթը:
ՔԿՀ վարչակազմը եւ բժիշկները եղած ռեսուրսներով (միջոցներով) անում են ամէն ինչ, բայց այդ ամէնը բաւարար չէ անձի առողջութիւնը պահպանելու համար, քանի որ չունեն համապատասխան միջոցներ»:
Յիշեցնենք, որ Նարեկ Մանթաշեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 1 -ին եւ 2-րդ մասերով, այն է՝ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելը եւ այդ ընթացքին բռնութիւն գործադրելը ջարդ կամ հրկիզում իրականացնելը, գոյք ոչնչացնելը կամ վնասելը, հրազէն, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր գործադրելը կամ իշխանութեան ներկայացուցիչին զինուած դիմադրելը։
Մանթաշեանը կալանաւորուած է 15 դեկտեմբեր 2021-ին։