«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Հ.Ե.Ը.-ի Հալէպի գործադիր մարմնի ատենապետ, երկրաչափ Արտեմ Չիրիշեան:
- Կրնա՞ք ձեր մասին սեղմ տեղեկութիւններ փոխանցել:
Ծնած եմ Հալէպ 1976-ին: Յաճախած եմ Լազար Նաճարեան Ճեմարանը, ապա աւարտած եմ Հալէպի Համալսարանի երկրաչափական ճիւղի «Շինարարական ծրագրաւորում» բաժինը: Ապա շուրջ 20 տարի պաշտօնավարած եմ Հալէպի համալսարանի երկրաչափական ճիւղէն ներս։
Այժմ մագիստրոսի տիտղոսի բարձրագոյն ուսման պաշտպանական հանգրուանին մէջն եմ:
Աշխատած եմ «Աղախան» հաստատութեան հետ պատմական քաղաքներու օժանդակութեան ծրագրին մէջ: Մասնակցած եմ Հալէպի բերդի շուրջի շրջանի վերանորոգման ծրագիրներուն կազմակերպման նախքան պատերազմէն սկսեալ, եւ որ իր յաջող աւարտին կը հասնի: 2014-էն մինչեւ այսօր կ'աշխատիմ «UNICEF»-ին հետ եւ կը համագործակցիմ երկրաչափական բնագաւառին մէջ:
- Ձեր անցած մարզական ուղիին մասին կրնա՞ք պատմել:
1988-ին, 50-100 եւ 200 մեթր ազատ եւ թիթեռնիկ ոճի լողին մէջ դարձած եմ Հալէպի կրտսերներու ախոյեան, եւ 1989-ին՝ Սուրիոյ ախոյեան եւ բազմաթիւ անգամներ ընտրուած եմ Սուրիոյ ազգային խումբի լողորդ մասնակցելու բազմաթիւ միջազգային եւ համաարաբական մրցումներու:
Այդ ժամանակներուն արձանագրած եմ Սուրիոյ 5 մրցանիշներ լաւագոյն ժամանակները նուաճելով: 1994-ին ուսման պատճառաւ չկրցայ շարունակել զբաղիլ մարզական կեանքով եւ իմ յիշողութեանս մէջ անիկա մնաց իբրեւ գեղեցիկ յուշ:
- Իբր Հ.Ե.Ը.-ի Հալէպի գործադիր մարմնի ատենապետ, ի՞նչ կ'ուզէիք փոխանցել «Արեւելք»-ի ընթերցողներուն:
Հ.Ե.Ը.-ը Հալէպի մէջ ունի ծաւալուն աշխատանքային ծիր: Ունինք սկաուտական, ուսանողական եւ երիտասարդական շարժումներ: Այս տարի կազմակերպուեցաւ յաջող բանակում մը, ուր մեծ թիւով երիտասարդներ՝ մօտաւորապէս 350 հոգի, բերին իրենց մասնակցութիւնը:
Ունինք «Անդրանիկ» պարախումբը եւ «Փունջ» մանկապատանեկան պարախոււմբը: «Սպենդիարեան» երգչախումբը վերջերս պետական հրաւէրով ելոյթ ունեցաւ Դամասկոսի ազգային օփերայի շքեղ սրահի հարթակին վրայ: Ունինք մանկական երգչախումբը «Արեգակ»-ը, որ ելոյթ ունեցաւ Հալէպի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան կազմակերպած ՀՀ-ի անկախութեան օրուան նուիրուած միջոցարման Հալէպի բերդի մէջ, որ շատ տպաւորիչ էր: Ունինք վաստակաւոր «Ադամեան» թատերախումբը, որ այս տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 60 ամեակը:
Այժմ ելոյթներու կը պատրաստուին «Արամ Խաչատուրեան» երաժշտանոցի աշակերտները եւ նոյնպէս «Կոմիտաս» սենեկային նուագախումբը:
Ունինք նոյնպէս այս գործերուն օժանդակող ընկերային, մշակութային եւ տիկնանց աշխոյժ յանձնախումբեր:
- Յետպատերազմեան շրջանին, Սուրիոյ մէջ ինչպիսի՞ վիճակ կը տիրէ գիտական եւ համալսարանական ոլորտներէն ներս։
Երկար տարիներ աշխատելով Հալէպի համալսարանի մէջ եւ դասաւանդելով այնտեղ, կրնանք նշել, որ բնականօրէն գիտութեան եւ գիտահետազօտական ճիւղերու մակարդակը անկում ապրած է: Դասախօսական կազմերու պակասը շատ զգալի է: Պետական ֆինանսաւորումը պակսած է եւ բազմաթիւ երիտասարդ ուժեր պատերազմի պատճառաւ գաղթած են Սուրիայէն, որոնք Սուրիոյ իսկական ապագան պիտի դառնային:
Սակայն գիտութիւնն ալ, ուրիշ բնագաւառներու նման կը փորձէ յաղթահարել յետպատերազմեան պայմանները եւ յարմարիլ: Ինչ կը վերաբերի հայ համալսարանական ուսանողներուն, անոնք կը ներկայացնեն բաւական մեծ թիւ եւ մենք միշտ մեր փորձառութեամբ եւ օգտակար խորհուրդներով կը փորձենք օգնել իրենց, որպէսզի կարենան կողմնորոշուիլ եւ ճիշդ որոշումներ կայացնել իրենց ուսման գործընթացքներուն մէջ: