image
Հրատապ լուրեր:

Յայտնի են Թուրքիոյ մէջ զոհուած հայորդիներու անունները

Յայտնի են Թուրքիոյ մէջ զոհուած հայորդիներու անունները

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ աւերիչ երկրաշարժերու հետեւանքով զոհուած է 13 հայ։ Այս մասին այսօր՝ 13 փետրուարին, լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը։

Անոնցմէ 11-ը զոհուած են Թուրքիոյ մէջ։ Յովհաննէս Ալեքսանեանը յայտնած է զոհերու անունները։

«Թուրքիայի Մալաթիա քաղաքում ունենք չորս զոհ՝ Սամիթ Թապաշ, Աիտա Թապաշ, Ալեքս Թապաշ եւ Մարիամ Քարաթաշ։ Իսքենտերունի մէջ ունինք մէկ զոհուած ընտանիք, անդամներն են՝ Դշխուն Մեսրոպեան, Արմիկ Մեսրոպեան, Մեսրոպ Մեսրոպեան եւ Պայծառ Սիլահլի։ Անտիոքի մէջ զոհուած է Անթուան Հորոսը, Տիգրանակերտի մէջ՝ երգչուհի Զիլան Տիգրիսը, ան արդէն յուղարկաւորուած է եւ Ատըեամանի մէջ զոհուած է Եոհաննա-Քարոլինա Քափը, որ զբօսաշրջավար էր»,- նշած է ան։

Հալէպի մէջ զոհուած հայերու թիւը այս պահուն երկուքն է։ Զոհուած են Միրնա Թէնէքէճեանը եւ որդին՝ Ալպեր Թէնէքէճեանը։

Ալեքսանեանը աւելցուցած է, որ կան նաեւ հայ վիրաւորներ։ Անոնց մէկ մասը դեռ կը շարունակէ բուժուիլ հիւանդանոցներու մէջ։