Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հաստատման ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) դատաւորի պաշտօնին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ առաջադրուող թեկնածուներու նոր ցանկ։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը, նշելով, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի դատաւորի պաշտօնին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ առաջադրուող թեկնածուներու ընտրութեան յանձնաժողովը, հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 2023 թուականի օգոստոս 31-ի № 882-Ա որոշման 71-րդ կէտը, ՀՀ վարչապետի հաստատման ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի դատաւորի պաշտօնին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ առաջադրուող թեկնածուներու՝ ընտրութեան փաստաթղթային ստուգման եւ հարցազրոյցի փուլերն անցած եւ առաւել բարձր միաւորներ հաւաքած յաւակնորդներու նոր ցուցակը՝ հետեւեալ կազմով.
1․ Գրիգորեան Վահէ
2. Կարապետեան Նորա
3. Մարգարեան Աննա
Նշենք, որ արդէն 21 օր է՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ Հայաստանի դատաւորի պաշտօնը թափուր է. նախկին դատաւոր Արմէն Յարութիւնեանի պաշտօնավարման ժամկէտը լրացած է սեպտեմբեր 30-ին։