image

Յայտնի է Ատրպէյճանի դեսպանատան դէմ յարձակում գործողին ինքնութիւնը

  Յայտնի է Ատրպէյճանի դեսպանատան դէմ յարձակում գործողին ինքնութիւնը

Իրանեան կարգ մը աղբիւրներ լուսանկարը տարածած են այն անձին, որ կը մեղադրուի Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին վրայ յարձակում գործադրելու յանցանքով։ 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ եղածը  անհատական անհամաձայնութեան ֆոնին վրայ եղած դէպք մըն է։

 Մեղադրեալը Իրանի քաղաքացի է, իսկ վերջինիս կինը ՝Ատրպէյճանի։

 Ըստ մեղադրեալի խոստովանութեան Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը երկար ժամանակէ ի վեր իր մօտ կը պահէր վերջինիս կինը, առանց հիմնաւորեալ պատճառաբանութեան։

Հետաքննութիւնները կը շարունակուին։