Հայաստանի տարածքին Դեկտեմբեր 20-ին, 22-ի գիշերը՝ առանձին շրջաններու մէջ, 21-ին՝ շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուին տեղումներ: Դեկտեմբեր 22-ի ցերեկը, 23-24-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Արարատեան դաշտին մէջ առաւօտեան ժամերուն հնարաւոր է մառախուղ: Քամին՝ հարաւարեւմտեան 2-5մ/երկվրկ.:
Օդի ջերմաստիճանը Դեկտեմբեր 21-24-ին գիշերը աստիճանաբար պիտի նուազի 10-15, ցերեկը՝ 4-6 աստիճանով։
Երեւան քաղաքին մէջ՝ Դեկտեմբեր 19-ի երեկոյան ժամերուն կը սպասուին թոյլ տեղումներ: Դեկտեմբեր 20-ի երեկոյեան ժամերէն, 21-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուին տեղումներ: Դեկտեմբեր 22-24-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Առաւօտեան ժամերուն հնարաւոր է մառախուղ: