Այսօր կառավարութեան նիստին Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու նախարար Վահան Մարտիրոսեան նախագիծ ներկայացուցած է, ըստ որու՝ «Ճանապարհային երթեւեկութեան մասին 1968 թուականի Վիեննայի համաժողովի համապատասխան երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման մասին» ՀՀ օրէնքի համաձայն՝ ՀՀ-ի մէջ սահմանուած է աջակողմեան ճանապարհային երթեւեկութիւն:
Ան նշած է, որ ՀՀ ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները սահմանուած են ձախակողմեան ղեկային կառավարմամբ փոխադրութեան միջոցներու երթեւեկութեան համապատասխան, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր արհեստագիտական միջոցները, ճանապարհային նշանները, գծանշումները, լուսացոյցները տեղակայուած են՝ հաշուի առնելով ձախակողմեան ղեկային կառավարման փոխադրութեան միջոցի վարորդի համար տեսանելի եւ ընկալելի ըլլալու հանգամանքը։
«Հետեւաբար, աջակողմեան ղեկային կառավարման թրանսփորթային միջոցների երթեւեկութիւնը վտանգ է ներկայացնում ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան համար: Պարունակում է ճանապարհաթրանսփորթային պատահարների առաջացման ռիսքեր»,-ըսած է Վահան Մարտիրոսեանը եւ նշած, որ կը նախատեսուի արգիլել աջ ղեկով փոխադրութեան միջոցներու հաշուառումը եւ շահագործումը՝ 2018 թուականի 1 ապրիլէն սկսեալ:
Ան յստակեցուցած է, որ նշուած սահմանափակումը պիտի չտարածուի մինչեւ 1 ապրիլ 2018-ը ներմուծուած աջակողմեան ղեկային տեղաբաշխմամբ փոխադրութեան միջոցներու սեփականատէրերու ու սեփականութեան վրայ: