2025 թուականին, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) զօրավարժութիւնները պիտի կայանան Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Տաճիկստանի եւ Խրխզստանի մէջ։ Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթով։
«Ամէն տարի մենք կ'ընդունինք անմիջական մարտական պատրաստութեան ծրագիր, որուն համապատասխան վարժանքներ կը կատարուին: 2025 թուականի անմիջական մարտական պատրաստութեան ծրագիրը պիտի կատարուի Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Խրխզստանի եւ Տաճիկստանի մէջ », - ըսած է ան։
Ինչպէս նշած է Թասմաղամպեթով, ՀԱՊԿ տարածքին մէջ կը կայանան «Սահման 2025» եւ «Մարտական եղբայրութիւն 2025» հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւնները։