Լիբանան- «Ազդակ» օրաթերթը կը գրէ, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կտրուկ կերպով մերժած է Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման հաւանականութեան գաղափարը:Նշենք, որ մէկէ աւելի Լիբանանեան աղբիւրներ նաեւ քաղաքական դէմքեր անցնող օրերուն ընթացքին եւ երկրին մէջ առկայ աղբի տագնապին հետեւանքով խօսած էին Պուրճ Համուտի փակ աղբանոցի վերաբացման հնարաւորութեանց մասին: Բագրատունի, որ հարցազրոյց տուած է Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին «կարմիր գիծ» նկատած է Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը, որ «կարելի չէ արտօնել որեւէ պարագայի տակ»: Ըստ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտ իր բաժինը կատարած է աղբանոցներու հարցով եւ «այսօր անիկա այն չէ, ինչ որ էր 5 տարի առաջ: Արդարեւ, բնակչութիւնը կրկնապատկուած է գաղթականութեան հոսքին բերումով ու կը բաւեն անոր ներկերու թէ ձկնորսներու հարցերն ու անոր վրայ բեռցուող տագնապները»: Բագրատունի մերժած է քննել նոյնիսկ աղբանոցի ժամանակաւորապէս բացումի գաղափարը: «Մենք ապրեցանք փորձառութիւնը այդ «առժամեայ»-ին, որ տեւեց երեսուն տարի: Մեր կրած տառապանքին ոչ ոք կը տոկայ ու կը հանդուրժէ», շեշտեց Բագրատունի` կոչ ուղղելով կառավարութեան «տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան եւ մտածելու արմատական լուծումներու մասին, փոխանակ հողային առուծախով ժամավաճառութիւն ընելու»: