image

«Հայաստան» հիմնադրամը  100 հազար  տոլարի պատկառելի գումար մը  նուիրեց Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 

«Հայաստան» հիմնադրամը  100 հազար  տոլարի պատկառելի գումար մը  նուիրեց Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն` փորձելով թեթեւցնել անոնց բեռը երկրի ընկերային-տնտեսական տագնապալի կացութեան մէջ:

Լիբանանի հայկական դպրոցները վերջերս ստացան 100.000 տոլար` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինին կազմակերպած` հեռաձայնային վերջին դրամահաւաքին ընթացքին հաւաքուած գումարներէն: Լիբանանահայ 16 կրթական հաստատութիւններ, որոնք ընդհանուրը ունին մօտ 4800 աշակերտ եւ 744 ուսուցիչ ու աշխատակից, օգտուեցան այս աջակցութենէն:

Գումարի բաժանումը կատարուեցաւ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու թիւին համեմատ, հիմնուած` ստուգուած եւ ամէն տարի թարմացուող վիճակագրութիւններու վրայ, որոնք պատրաստուած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին կողմէ: Փոխանցումները կատարուած են Երեւանէն` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցով:

2013-էն ի վեր, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը շարունակաբար աջակցած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական համայնքներուն, որոնք կրած են պատերազմի, ընկերային-տնտեսական ճգնաժամերու, համավարակի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Սուրիոյ կործանարար երկրաշարժի ծանր հետեւանքները: Այդպիսով, հիմնադրամը անգամ մը եւս հաստատեց իր լիակատար աջակցութիւնը Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն: Ընդհանուր առմամբ, 3 միլիոն տոլար տրամադրուած է այս օգնութեանց համար, որուն 2.265.000 տոլարը ուղղուած է Լիբանանի հայկական համայնքին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք հիմնադրամին, անոր Ֆրանսայի մարմինին եւ վերոնշեալ հեռաձայնային դրամահաւաքի բոլոր նուիրատուներուն, որոնց նուիրատուութիւններուն շնորհիւ այս ծրագիրը կը շարունակուի ամէն տարի:

 

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ