Յունաստանի զինուած ուժերու (ԶՈւ) Ընդհանուր սպայակոյտի պետ Տիմիթրիոս Խուփիսը մասնակցած է Տելֆիի 10-րդ տնտեսական ֆորումին, ուր անդրադարձած է Թուրքիոյ։ Ան մասնաւորապէս նշած է, որ Թուրքիան շարունակական սպառնալիք կը ներկայացնէ ու ըստ այդմ՝ յունական ուժերը պատրաստ են գործողութիւններու անցնելու հաշուած վայրկեաններու ընթացքին։
Այս մասին գրած է ermenihaber.am-ը:
Խուփիսը մասնաւորապէս նշած է․ «Եթէ Թուրքիայէն յարձակում ըլլայ, մեր զինուած ուժերը պատրաստ են եւ ի զօրու են, 5 վայրկեանուան մէջ հակահարուած տալու»։
Խուփիսի այս յայտարարութիւնը թրքական մամուլին մէջ մեծ տարածում գտած է եւ մեկնաբանուած է որպէս գայթակղային խօսքեր ու «լկտի սպառնալիք»։
Ըստ զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտ պետի՝ Թուրքիան ունի վերաքննական մարտավարութիւն, իսկ Յունաստանը կեդրոնացած է միայն մայրցամաքային ծանծաղուտի եւ բացառիկ տնտեսական գօտիի խնդիրներու լուծման վրայ։