image

Յաղթելէ ետք 2 թուրքերու.Հայ ծանրամարտիկը Եւրոպայի ախոյեան

Յաղթելէ ետք 2 թուրքերու.Հայ ծանրամարտիկը Եւրոպայի ախոյեան

Լեհաստանի մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան յաղթող դարձած է Հայաստանի ներկայացուցիչ, Գիւմրիի ՄԲՎԴ (Մարզական բարձրագոյն վարպետութեան դպրոց) սան Ռաֆիկ Մինասեանը:

61 քկ քաշային կարգին մէջ Ռաֆիկը գերազանցած է երկու թուրք մարզիկներու: Պոկում վարժութեան մէջ ան 114 քկ արդիւնքով զբաղցուցած է 2-րդ հորիզոնականը, իսկ հրում վարժութեան մէջ 9 քիլոկրամով գերազանցած է թուրք մարզիկին եւ գրանցած է 144 քկ արդիւնք։ Այս արդիւնքը բաւարար եղած է երկամարտի հաշուարկով ախոյեան դառնալու համար: Երրորդ անգամ ծանրաձողին մօտենալու անհրաժեշտութիւն այլեւս չէ եղած:

Երկամարտի մէջ Ռաֆիկ Մինասեանը գրանցած է 258 քկ արդիւնք: