Երկու բարեկամ եւ եղբայր ժողովուրդներու հետ միասին Վրաստանի հիմնական նպատակը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումն է. այս մասին յայտարարած է երկրի Արտաքին գործոց նախարար Իլիա Դարչիաշվիլին Վրաստանի Առաջին ալիքի եթերին:
Ինչպէս նշած է Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը, Վրաստանն այս գործընթացին մէջ բաւականին յաջողութեամբ կ՚իրականացնէ անաչառ միջնորդի դերը։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը սկսած են բացէիբաց խօսիլ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան, խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման մասին, եւ անոնց պատումը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է խաղաղութեան վրայ։
Խօսելով տարածաշրջանային «3+3» հարթակի մասին՝ դիւանագէտն ըսած է.«Վրաստանը միանշանակ դիրքորոշում ունի «3+3» ձեւաչափի վերաբերեալ, երկիրը չէ մասնակցած այս ձեւաչափին, չի մասնակցիր եւ ապագային ալ պիտի չմասնակցի»։