Թիֆլիսի քաղաքապետի թեկնածու, իշխող կուսակցութիւնը ներկայացնող Քախա Քալաձէն ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման մարմին) ընտրութիւններուն ստացած է ձայներու 77.4%-ը, ըստ «Իմետի» հեռատեսիլային ընկերութեան «էքզիթ փոլ»ի։
Նշենք, որ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած են ՏԻՄ ընտրութիւններ։ Միեւնոյն ժամանակ երկրին մէջ բողոքի ցոյցեր սկսած են ։
Ցուցարարները դէմ են «Վրացական երազանք» կուսակցութեան՝ ԵՄ մուտք գործելու կասեցնելու որոշման։ Շատերը ցոյցի ելած են Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան դրօշներով։
Ընդդիմադիր «Կախարիան Վրաստանի համար» կուսակցութեան չորս թեկնածուներ դուրս եկած են կուսակցութենէն՝ չցանկալով աջակցիլ ղեկավարութեան բռնի գործողութիւններուն: Անոնց կարգին են՝ Արթուր Տոնականեանն ու Վլատիսլաւ Անանիկեանը։