image

Վրաստանի նախկին նախագահ Սահակաշվիլին դատապարտուած է ինը տարուան ազատազրկման

Վրաստանի նախկին նախագահ Սահակաշվիլին դատապարտուած է ինը տարուան ազատազրկման

Վրաստանի դատարանը նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլին դատապարտած է 9 տարուան ազատազրկման՝ պիւտճէթային միջոցներու խոշոր չափերու իւրացման գործով։ Այս մասին յայտնած է Mtavari Arkhi հեռուստաալիքը։

Սաակաշվիլիի պատիժի ժամկէտը կը ներառէ 2021 թուականի 6 տարուան ազատազրկումը։ Ան դատապարտուած էր պատգամաւոր Վալերի Կելաշվիլին ծեծի ենթարկելու եւ Սանտրօ Կիրկվլիանին սպանողներուն ներում շնորհելու գործերով։ Այսպիսով, անոր ազատազրկման ժամկէտն աւելցած է եւս երեք տարիով։

«Միխայիլ Սաակաշվիլիի ազատազրկման ժամկէտի հաշուարկը պիտի սկսի այս դատավճիռի ընդունման պահէն՝ 2025-ի մարտի 12-էն, իսկ պատիժի հաշուարկի մէջ պիտի ներառուի 2021-ի հոկտեմբեր 1-էն մինչեւ 2025-ի մարտ 12-ը կալանքի տակ գտնուելու ժամանակահատուածը»,- յայտարարած է դատաւորը։

Վրաստանի նախկին նախագահ Սաակաշվիլիի նկատմամբ կը շարունակուին դատական գործերը, որոնք կը վերաբերին 2007-ի նոյեմբեր 7-ի դէպքերուն եւ սահմանը ապօրինի հատելուն։